2015-11-24 10:23:00

Կարդինալ Թակլէ` Ողորմութեան Յոբելեանը բռնութեան դէմ զօրեղ պատասխան է։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քարիթաս Ինթերնացիոնալիս'' Վատիկանեան բարեգործական հաստատութեան ընդհանուր նախագահ եւ Մանիլա թեմին առաջնորդ` Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսած է Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն մասին, որուն բացումը պիտի կատարուի Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին, հաստատելով թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ողորմութեան տարւոյն հռչակումը հրաւէր մըն է եկեղեցւոյ` վերատեսելու համար իր հոգեւոր, հովուական եւ միսիոներական կեանքի ընթացքը որպէսզի եկեղեցական կեանքը դառնայ  Աստուծոյ Ողորմութեան գործիք ու ճանապարհ։

Կարդինալ Թակլէ ապա անդրադառնալով Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքներուն հաստատած է թէ ''ամէն մէկ բռնարար արարք ողորմութեան պակասի արտայայտութիւն է''­ ու իր կսկիծը յայտնած է ի տես մարդուն մարդու դէմ կատարած ոճրագործութեան որ անհասկնալի է։ Այս Յոբելեանը պատասխան մըն է, յստակ պատասխան մը` անողորմ բռնութեան – ըսած է Կարդինալ Թակլէ մատնանշելով է թէ բոլոր կրօնական աւանդութիւններուն մէջ ողորմութիւնը ներկայ է եւ թէ իր յոյսն է որ Յոբելինական այս Տարին դառնայ նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան առանցք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.