2015-11-23 11:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը խարսխուած է Քրիստոսի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 23 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց հաւատացեալները՝ որ իրենց վստահութիւն դնեն միայն Յիսուսի վրայ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

 Օրուան ընթերցումը, առնուած Ղուկասի Աւետարանէն, մեզի կը ներկայացնէ այրի կնոջ դրուագը։ (Ղուկ ԻԱ. 1-4) Յիսուս կը դրուատէ այրի կնոչ նուէրը, մինչ աւելի նուազ կը նկատէ ունեւորներու տուած նպաստները։

“Այրի կինը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, առանձին էր, չունէր ամուսին մը՝ որ իրեն պաշտպան կանգնէր. պէտք է ինքզինք հոգար եւ հանրային բարեգործութիւններէ ապրէր։ Անոր միակ յոյսը Տէրն էր։”

Սրբազան Պապը, առնելով այրի կնոջ կերպարը, զայն մերձեցուց Եկեղեցւոյ, որ իբր “այրի” կը սպասէ Քրիստոսի։ Եկեղեցին Յիսուսի հարսն է. Եկեղեցւոյ միակ գանձը Տէրն է։ Եթէ եկեղեցին հաւատարիմ է, ամէն ինչէ կը հրաժարի՝ ակնկալելով Տէրը։ Իսկ եթէ հաւատարիմ չէ կամ Տիրոջ սիրոյն վրայ վստահութիւն չունի, կը փորձէ ինքզինք ապահովել այլ բաներով, այլ ապահովութիւններով, որոնք առաւելապէս աշխարհէն կու գան՝ քան Աստուծմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ս. Աւետարանէն բերաւ այրի կիներու այլ օրինակներ։ Նախ՝ յիշեց Նայինի այրի կինը, որ իր զաւակին դագաղը կը տանէր. ան առանձին էր եւ սգաւոր։ (Ղուկ Է. 11-17) Այս օրինակն ալ Սրբազան Հայրը մերձեցնելով Եկեղեցւոյ, ըսաւ՝ “Այրի Եկեղեցին կու լայ, երբ անոր զաւակները կը մեռնին Յիսուսի համար։” Ապա՝ այն այրի կինը, որ առանց վհատելու՝ անարդար դատաւորին կը դիմէր՝ իր դատը պաշտպանելու համար։ (Ղուկ ԺԸ. 1-14) “Նաեւ այրի Եկեղեցին կ’աղօթէ, միջնորդելով իր զաւկներուն համար. մինչ անոր սիրտը միշտ իր Փեսային՝ Յիսուսի հետ է։” Ըստ Եկեղեցւոյ Հայրերու՝ մեր հոգին նման է Եկեղեցւոյ։ Երբ մեր հոգին, մեր կեանքը մօտիկ է Յիսուսի՝ այն ժամանակ ան կը հեռանայ շատ մը աշխարհային բաներէ. այն բաներէն, որոնք օգուտ չեն մեզի, որոնք մեզի չեն օգներ, որոնք մեզ Յիսուսէ կը հեռացնեն։

“Եկեղեցին վստահութեամբ պէտք է սպասէ իր փեսայի վերադարձին, եւ պէտք չէ ապահովութիւն փնտռէ այլ իրականութիւններու մէջ, պէտք չէ ըլլայ գաղջ, միջակ եւ աշխարհայնացած Եկեղեցի մը։”

Եզրափակիչ խօսքերուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ ծիսական տարւոյն այս վերջին օրերուն, մենք մեզի հարց տանք՝ թէ ի´նչպէս Եկեղեցին կը ցանկայ Յիսուսը, եւ թէ արդեօք մեր հոգին կը դիմէ՞ իր փեսային ըսելով՝ “Եկ տէր Յիսուս, ե´կ։” (Յայտն ԻԲ. 20)

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.