2015-10-25 10:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Վարդապետութեան իսկական պահապանը կը պաշտպանէ մարդը եւ ոչ թէ գաղափարը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եկեղեցին նզովքներ չի բաշխեր այլ կը հռչակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը, հակառակ անոնց որոնք կ՛ուզեն Աւետարանը դարձնել ''անշունչ քարեր` ուրիշները հարուածելու համար''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին աւարտին արտասանած եզրափակիչ իր պատգամին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք սիւնհոդոսի բոլոր մասնակիցներուն դրուատեց սիւնհոդոսի իմաստը։

Վստահաբար , ըաւ Ան, կարելի չեղաւ համակողմանի լուծումներ գտնել բոլոր դժուարութիւններուն ու կասկածներուն որոնք կը սպառնան ընտանիքին, ասոնք սակայն դրուեցան հաւատքի լուսարձակին տակ եւ դիմագրաւուեցան առանց վախի ու առանց մեր գլուխը ծածկելու աւազին տակ։

Այս եղաւ սիւնհոդոս մը որ ''բոլորս օգնեց հասկնալու ընտանիքի եւ այր մարդու ու կնոջ միջեւ Ամուսնութեան կառոյցը, հիմնուած միութեան ու անլուծանելիութեան վրայ. Ու կարողացանք զայն արժէքաւորել որպէս մարդկային կեանքի եւ ընկերութեան հիմնարար հիմք։

Իր արտասանած երկարաշունչ պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց ''վարդապետութեան ետին թաքնուելու փորձութենէն''։ Սիւնհոդոսը ցոյց տուաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը որ վախ չունի խիղճերը շարժելու ու ձեռքերը կեղտոտելու աշխուժօրէն ու անկեղծութեամբ վիճաբանելով ընտանիքի նիւթին մասին - ըսաւ Ան ու շարունակեց -  Այս սիւնհոդոսը կը նշանակէ վկայել բոլորին թէ Եկեղեցւոյ համար Աւետարանը կը մնայ միշտ ակնաղբիւր յաւերժական նորութեան ու կը նշանակէ թէ Եկեղեցին` Եկեղեցի է հոգիով աղքատներուն ու մեղաւորներուն համար որոնք ապաշխարութեան կը ձգտին. Կը նշանակէ բանալ նոր հորիզոններ յաղթահարելու դաւադրական մեկնութիւնները ու պաշտպանելու Աստուծոյ զաւակներուն ազատութիւնը ինչպէս նաեւ փոխանցելու քրիստոնէութեան նորութիւնը որ շատ անգամ անհասկնալի ոճի ժանգոտութեամբ ծածկուած է։

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց թէ այս սիւնհոդոսին ուղեւորութեան մէջ տարբեր գաղափարներ արտայայտուեցան ազատօրէն որոնք վստահաբար հարստացուցին եւ աշխուժացուցին երկխօսութիւնը, ներկայացնելով կենսունակ Եկեղեցւոյ մը պատկերը որ միշտ կը դիմէ հաւատքի ջուրին` յագեցնելու համար հոգիներու ծարաւը։

Սրբազան Պապը  հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ գլխաւոր առաքելութիւնն է Աւետարանը քարոզել ժամանակակից մարդուն ու թէ Աստուած մեր մարդկային հաշիւներէն անդին կ՛երթայ ու թէ Անոր միակ փափաքն է որ Բոլոր մարդիկը փրկուին'' առ այդ '' Վարդապետութեան իսկական պահապանները անոնք են որոնք կը պաշտպանեն հոգին եւ ոչ թէ գիրը, մարդը եւ ոչ թէ գաղափարը, Աստուծոյ անհուն սէրն ու ներումը եւ ոչ թէ բանաձեւերը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու դիտել տուաւ թէ ''այս չի նշանակեր ստորադասել բանաձեւերը, օրէնքներն ու Աստուածային պատուիրանները այլ մեծարել իսկական Աստուծոյ վսեմութիւնը որ մեզի հետ չի վերաբերուիր ըստ մեր արժանիքներուն կամ գործերուն այլ միայն իր Ողորմածութեան անհուն առատաձեռնութեամբ։

Եկեղեցւոյ առաջին դերը ոչ թէ նզովքներ ու դատապարտութիւններ բաշխել է այլ  հռչակել Աստուծոյ ողորմութիւնը ու ապաշխարութեան հրաւիրել ու դէպի Տիրոջ Փրկութիւնը առաջնորդել բոլոր մարդիկը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով իր նախորդներուն` Երանելի Պօղոս Զ, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս վաստակաւոր քահանայապետի ողորմութեան մասին խօսքերը. Պօղոս Զ. ''Աստուած Քրիստոսի մէջ կը յայտնուի որպէս անհունօրէն բարի։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. ''Եկեղեցին կ՛ապրի իսկական կեանք մը երբ կը հռչակէ եւ կը դաւանի ողորմութիւնը ու երբ  մարդիկը կը մօտեցնէ Փրկիչին ողորմութեան աղբիւրին'' ու Պենետիկտոս ԺԶ ''ողորմութիւնը Աւետարանի պատգամին կեդրոնական բջիջն է ան Աստուծոյ նոյնինք անունն է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.