2015-10-09 12:15:00

Զրպարտութիւն,նախանձ եւ ծուղակներ պատրաստել՝ յառաջ կու գան սատանայէն՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Բարիք գործողին արարքը՝ չարութեամբ մեկնաբանելը, նախանձէ մղուած զրպարտութիւնը եւ ուիրշին ծուղակ լարել, յառաջ չեն գար Աստուծմէ, այլ սատանայէն։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս խօսքերը արտասանեց, ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի առաւօտեան Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին որ բարիք կը գործէ եւ սատանան կը վտարէ։ Մինչ Անոր հետեւող ամբոխին մէջ կային նաեւ մարդիկ, որոնք կը զրպատեն եւ կը մեղադրեն Յիսուսի գործած բարիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զգոյշ ըլլալ եւ հսկել ինչպէս նաեւ ճանչնալ եւ կարենալ զանազանել՝ թէ ի´նչը Աստուծմէ կու գայ եւ ի´նչը սատանայէն, որ միշտ խափկանք կը պատճառէ։

Հսկել, որովհետեւ հաւատքի ուղեւորութեան ընացքին, փորձութիւնները միշտ կը վերադառնան, եւ չար հոգին երբեք չի յոգնիր։ Չարամիտը մեզի կը մօտենայ իր կիրթ ընկերներու ընկերակցութեամբ եւ կը ջանայ մեզ համոզել։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով հսկողութիւն եւ ընտրութին կատարելու հարկաւորութիւնը ըսաւ՝ Եկեղեցին միշտ կը յորդորէ մեզ՝ խղճի քննութիւն կատարել եւ հարց տալ մեր անձին՝ թէ այսօր ի՞նչ պատահած է իմ սրտիս մէջ եւ թէ արդեօք սատանա՞ն է մօտեցողը ինծի։

՝՝Խնդրենք Տիրոջմէ Ընտրութիւն, ճիշտ զանազանութիւն, կատարելու եւ զգոյշ ըլլալու շնորհքը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ իր քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.