2015-10-02 13:00:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 2 հոկտեմբերի առաւօտեան 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար  4 – 25 Հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական ընդհանուր ԺԴ սովորական սիւնհոդոսը որուն բնաբանն է ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։

Մամլոյ ասուլիսը վարեց Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղար` Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսերրին որ իր զեկոյցին մէջ յայտնեց թէ վաղը` Շաբաթ 3 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ընտանիքներու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում առ ի պատրաստութիւն վերոյիշեալ սիւնհոդոսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ սիւնհոդոսական հայրերը, հայցելով Սուրբ Հոգւոյն բարիքներն ու շնորհքները սիւնհոդոսական աշխատանքներու յաջողութեան համար։

Կարդինալ Պալտիսսերի ապա ներկայացուց սիւնհոդոսական նիստերու յայտագիրը որուն բացումը կը կատարուի կիրակի 4 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ Ան ապա նշեց թէ սիւնհոդոսական աշխատանքներու հիմը կը կազմէ  ''Instrumentum Laboris – աշխատանքային թղթածրարը'' որուն մէջ ամփոփուած են սիւնհոդոսի նիւթերը։

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին մասնակցողներուն ամբողջական թիւը կը հասնի 270-ի, անոցմէ  42 ի պաշտօնէ, 183 ընտրութեամբ եւ 45 Քահանայապետի անուանումով։ Սիւնհոդոսական հայրերը ժամանած են աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ 54 Ափրիկէէն, 64 Ամերիկայէն, 36 Ասիայէն, 107ն Եւրոպայէն եւ 9-ն Ովկեանեան ցամաքամասէն։

270 սիւնհոդոսական հայրերուն 74-ը կարդինալներ են, 6-ը Պատրիարքներ, որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի, 1 Աւագ Արքեպիսկոպոս, 72 Արքեպիսկոպոսներ, 102 եպիսկոպոսներ, 2 ժողովրդապետներ եւ 13 կրօնաւորներ։

Սիւնհոդոսին կը մասնակցին ապա զանազան երկիրներէ եւ այլ մշակոյթներու պատկան անդամներ։ 24 մասնագէտներ եւ յատուկ քարտուղարի օգնականներ, 51 ունկնդրողներ, 14 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Խօսելով աշխատանքային մեթոդաբանութեան մասին Կարդինալ Պալտիսսերի յայտնեց թէ Սիւնհոդոսական հայրերը խնդրած են աւելիով արժէքաւորել ''փոքր լեզուային խումբերու'' հանդիպումները։ Ան ապա ներկայացնելէ ետք աշխատանքային առօրեայ գործընթացը յայտնեց թէ յառաջիկայ 17 հոկտեմբերի ժամը 9- 12,30, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ  տեղի պիտի ունենայ  Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի 50-րդ տարեդարձի ոգեկոչումը։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սիւնհոդոսական հայրերը։ Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի ուղղէ եզրափակիչ պատգամ մը։

Իսկ կիրակի 18 հոկտեմբերի առաւօտեան 10,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց` Լուտովիքօ Մարէին եւ Մարիա Ազելիա Կէրինի երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սիւնհոդոսական աշխատանքներու ընթացքին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ աւագ Տիրամօր նուիրուած պազիլիքայի ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի -  Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Աստուածամօր սրբապատկերին նուիրուած մատրան մէջ ամէն օր ժամը 17-ին նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք ապա 18-ին Սուրբ Պատարագ Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։ Առաջին շաբթուայ ընթացքին աղօթքները յատկացուած են զաւակներուն, երկրորդը ծնողներուն իսկ երրորդ շաբթուայ աղօթքները մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն։

Կարդինալ Պալտիսսերի ապա յայտնեց թէ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական սրահին մօտ գտնուող մատրան մէջ տեղադրուած են Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ու անոր ծնողաց մասունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.