2015-09-03 14:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 սեպտեմբերի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.00ին,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, Վատիկանի մէջ ընդունեց Իսրայէլի նախագահ Ռոյվեն Ռիվլինը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւն մը։ Ժամը 10.45ին, յաջորդաբար ընդունեց Վատիկանի Տնտեսութեան Քարտուղար Կարդինալ Ժորժ Փէլը, Պուլկարիոյ Պապական նուիրակ գերապայծառ Անսելմօ Կուիտօ Փէքորարին։ Իսկ կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Անգլիոյ Ռաբունապետ Տիար Էֆրաիմ Միրվիսի հետ։

Ապա Քոնչիսթորիօ Դահլիճին մէջ ընդունեց Շէօնշթաթի հասարակութեան անդամ քահանաներ։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի եւ Իսրայէլի նախագահ Ռոյվըն Ռիվլինի հանդիպման մասին։ Նախագահ Ռիվլին հանդիպում ունեցած է նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան հիմնական նիւթը եղած է Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ընկերային վիճակը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու վրայ։ Շեշտուած է միջկրօնական երկխօսութիւնը եւ կրօնապետերու պատասխանատուութիւնը հաշտութեան եւ խաղաղութեան խթանումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.