2015-09-02 10:12:00

Կարդինալ Թուրքսոնի բանախօսութիւնը Ռիօ տէ Ժաներոյի Գիտաժողովին


(Ռատիօ Վատիկան)«Մշակոյթի եւ խաղաղութեան խթանումը հակամարտութիւններու մէջ գտնուող երկրի վրայ»։ Տարւոյս 1-3 սեպտեմբերին Ռիօ տէ Ժաներոյի մէջ այս խորագրով գիտաժողով մը կը գումարուի։ Կարդինալ Փիթըր Թուրքսոն, նախագահ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի, սեպտեմբեր 1ի նիստին կատարած է բանախօսութիւն մը աստուածաշնչային խաղաղութեան մասին։

Խաղաղութիւնը արդարութեան պտուղն է, մինչ «արդարութիւն» յարաբերական սահմանում մըն է։ Կարդինալ Թուրքսոն հիմնուելով Աստուածաշունչի արտայատութիւններու վրայ բացատրած է «արդարութիւն» հասկացողութիւնը, որ ոչ միայն գաղափար մըն է, այլ մարդոց միջեւ իրական յարաբերութիւններու մէջ արտայատուած գործօն։

Ապա, ծիրանաւորը յիշած է Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի «Caritas in Veritate» շրջաբերականը, ուր Սրբազան Պապը խաղաղութեան կերտումը միայն իրաւունքի եւ պարտականութեան յարաբերութիւններով չէ որ կʼիրականանայ, այլ սիրով եւ ողորմութեամբ։ Ամփոփելով վաստակաւոր Քահանայապետի խօսքերը, Կարդինալ Թուրքսոն հինգ կէտերու մէջ կը ներկայացնէ անոնց գաղափարը՝

ա. իրատես վերաբերմունքով սկսիլ, զանազանող կեցուածքով մօտենալով ներկայ ժամանակի դժուարութիւններուն

բ. կառուցել հիմնական արժէքներու վրայ, ապագայի նոր հեռանկարով

գ. վստահութեամբ եւ ոչ յուսալքումով ստանձնել նոր պատասխանատուութիւններ

դ. բաց ըլլալ մշակութային խորամուխ նորոգութեան հանդէպ, վստահութեամբ եւ յոյսով

ե. յանձնառութեան նոր ձեւեր որդեգրել՝ հետեւողականութեամբ եւ յարատեւութեամբ

Ապա Կարդինալ Թուրքսոն անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «Evangelii Gaudium» շրջաբերականին։ Այստեղ եւս Ծիրանաւորը կու տայ ամփոփում մը չորս սկզբուներու մէջ՝

ա. իրականութիւնները աւելի կարեւոր են քան գաղափարները

բ. ժամանակը աւելի մեծ է քան տարածքը

գ. ամբողջութիւնը աւելի մեծ է քան մասերը

դ. միութիւնը կը գերակշռէ հակամարտութեան վրայ

Կարդինալ Թուրքսոն շարունակած է իր քննարկումը յիշեալ երկու շրջաբերականներու հիման վրայ, մանրամասնելով ամփոփումի մէջ յիշած կէտերը։ Ան մատնանիշ կʼընէ խաղաղութեան կերտումի համար անհրաժեշտ աղիւսները եւ վերջապէս աղօթքի անհրաժեշտութիւնը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.