(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ վերջ չունին Իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմը։
Վերջին ժամերուն, Իսլմական խմբաւորումը, յարձակում կատարած է Փալմիրա քաղաքին մէջ եւ կործանած է մադկութեան մշակութային ժառնագութեան պատկանող դարաւոր, պատմական Բելի տաճարը։
Տեղական վկայութիւններու համաձայն, տաճարին մէջ ծայրայեղականները 30 թոնէ աւելի ականներ զետեղելով, քար ու քանդ ըրած են Քրիստոսէ առաջ 32-38 թուականներուն օծուած տաճարը։ Ըստ ականատեսի մը՝ միայն տաճարի պատն է, որ մնացած է կանգուն։
Տարւոյս 23 օգոստոսին ծայրայեղականները կործանած էին Բահաղի տաճարը։ Անոնց բարբարոսութիւններուն զոհ եղած է նաեւ Փալմիրայի երբեմնի տնօրէն եւ լաւագոյն մասնագէտներէն մին՝ 82-ամեայ Խալէտ ալ Ասատ։
Իրինա Պոքովա, ընդհանուր տնօրէն Ունեսքոյի այս արարքները նկատած է իբր “նշանակալի կորուստ սուրիացի ժողովուրդին եւ մարդկութեան համար”։
All the contents on this site are copyrighted ©. |