2015-08-28 09:23:00

Պրազիլ` Եկեղեցին յաչս մեծ քաղաքներու աւետարանացումի մարտահրաւէրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօ մէջ կայացած ''Եկեղեցին յաչս մեծ քաղաքներու աւետարանացումի մարտահրաւէրին'' նիւթին նուիրուած հանդիպումներուն եւ բանախօսութիւններուն ծիրէն ներս, Պարսելոնա թեմի առաջնորդը` կարդինալ  Lluís Martínez Sistach 23 - 26 օգոստոս այցելութիւն կատարեց Պրազիլ ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղական հաւատացեալներուն եւ կղերին հետ յայտնելով թէ ինք Պրազիլ եկած է ճանչնալու Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի եւ Սաօ Փաոլոյի  թեմերու առաջնորդներու փորձառութիւնները ու բաժնելու իր փորձառութիւնը այդ թեմերու եպիսկոպոսներու ու կղերին հետ։ 

Րիօ Տէ Ժանէյրօյի առաջնորդ` կարտինալ Orani João Tempesta ողջունելով մեծարգոյ հիւրը ըսաւ. ''մեծ քաղաքներու բնակիչներու աւետարանացումի հարցը Պրազիլի եպիսկոպոսական դասի ժողովներու կանոնաւոր ու գլխաւոր նիւթն է։ Այդ ժողովները ունին որպէս կէտնպատակ խորհրդածել ու փոխանակել իւրաքանչիւր եպիսկոպոսին հովուական առաքելութեան փորձառութիւնը։

Կարդինալ Թեմբեսդա  բացայայտեց Պարսելոնայի առաջնորդին  թէ ինչպէս  Պրազիլի մեծ քաղաքներու առաջնորդները ջանք կը թափեն ներկայ գտնուելու ժողովրդական այն խաւերուն մէջ որոնք յատկանշուած են իրենց աղքատութեամբ։ Պրազիլը աւելի քան 200 միլիոն բնակիչ ունի, թիւով  աշխարհի հինգերորդ երկիրն է։ Անոր բնակչութեան 85 տոկոսը կ’ապրի  ժողովրդական խաւերու մէջ։ Կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան 64,6 առ հարիւրը, սակայն թիւը կը հասնի 55 առ հարիւրի մեծ քաղաքներու մէջ, ուր աւետարանական եկեղեցիները մեծ աճում կ՛արձանագրեն, հրապուրելով  նաեւ կաթողիկէ հաւատացեալները։:








All the contents on this site are copyrighted ©.