2015-08-05 09:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խորանի սպասաւորներուն` Բաժնեկցեցէք Տիրոջ ողորմութեան ուրախութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 4 օգոստոսի երեկոյեան,  խորան ծառայող 9 հազար ուխտաւորներ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, տօնախմբումի եւ աղօթքի պահ մը ապրեցան ապա հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որ այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ անոնց ըսաւ.

Սիրեցեալ խորանի սպասաւորներ,

Ուրախ եմ ձեր բազմաթիւ ներկայութեան համար, հակառակ Հռոմի Օգոստոս ամսոյն կիզիչ արեւուն։ Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ գերապայծառ Nemet-ին, ձեր նախագահը, անոր ուղղած ուղերձին համար, որով բացումը կատարեց մեր այս հանդիպումին։

Դուք զանազան երկիրներէն եկած էք մասնակցելու Հռոմի ուխտագնացութեան, վայրը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու նահատակութեան։ Նշանակալից է տեսնել, որ ձեր մօտիկութիւնը ու մտերմութիւնը Յիսուս-հաղորդութեան հետ խորանին սպասաւորելով, որ կը դառնայ առիթ` ուրիշներու բացուելու, միասնաբար ընթանալու, ընտրելու յանձնառու  նպատակէտեր եւ պատշաճ ոյժ  անոնց հասնելու։

Ճշմարիտ ուրախութեան աղբիւր է մենք մեզ ճանչնալ փոքր ու տկար եւ գիտակցիլ որ Յիսուսի օգնութեամբ, կարող ենք զօրանալ ու ձեռնարկել կեանքի մեծ ճամբորդութեան մը Յիսուսի ընկերակցութեամբ։

Եսայի մարգարէն կ՛ըմբռնէ այս ճշմարտութիւնը, որ Աստուած կը բիւրեղացնէ անոր դիտաւորութիւնները, կը ներէ անոր մեղքերը, կը դարմանէ անոր սիրտը ու ատակ կը դարձնէ կարեւոր պարտականութեան մը` այն է ժողովուրդին տանիլ Աստուծոյ խօսքը, դառնալով միջոց մը  Աստուածային ներկայութեան ու ողորմութեան։ Եսայի կ՛ըմբռնէ որ իր վստահութիւնը դնելով Տիրոջ ձեռաց մէջ, համայն գոյութիւնը կը բարեփոխուի։  Ս. Գրային համարը որ լսեցինք, մեզի կը խօսի այդ նիւթին մասին։ Եսայի տեսութիւն մը ունեցաւ, որ անոր զգալի դարձուց Տիրոջ վեհափառութիւնը, սակայն, միաժամանակ, անոր յայտնեց, որ թէեւ Տէրը ինքզինք ճանչցուց, սակայն կը մնայ հեռու։ Եսայի հիացումով կ՛ըմբռնէ, որ Տէրը առաջին ձեռնարկողն է, առաջին մօտեցողը. Ան կ՛անդրադառնայ որ աստուածային ներգործութիւնը արգելք չէ իր թերութիւններուն, այլ աստուածային բարեհաճութիւնը զինք ատակ կը դարձնէ առաքելութեան, բարեփոխելով զայն նոր արարածի մը, հետեւաբար` կարող համապատասխանելու Աստուծոյ կանչին եւ  ըսելու. ‘’ահա հոս եմ, զիս ղրկէ’’։

Դուք, այսօր, Եսայի մարգարէէն աւելի բախտաւոր էք։ Ս. Հաղորդութեան եւ այլ խորհուրդներու միջոցաւ կը փորձարկէք Յիսուսի սերտ միութիւնը, քաղցրութիւնն ու ազդեցութիւնը Անոր ներկայութեան։ Դուք բարձր ու անհասանելի գահի վրայ նստած Յիսուսի չէք հանդիպիր, այլ ս. Հաղորդութեան հացի ու գինի տեսակի մէջ։  Եսայի նման, ձեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ըմբռնէ որ Աստուած, Յիսուսի միջոցաւ սիրով կը խոնարհի ու կը մօտենայ մեզի, թէեւ կը մնայ միշտ անսահմանօրէն աւելի մեծ։ Եսայի նման, դուք եւս կը փորձարկէք որ նախաձեռնութիւնը միշտ Աստուծոյ է,  որովհետեւ ան ձեզ ստեղծեց եւ ուզեց։ Ինք` կնունքով, ձեզ դարձուց նոր արարածներ եւ միշտ ինք անհամբեր կը սպասէ պատասխանը անոր նախաձեռնութեան ու միշտ պատրաստ ներելու անոր որ խոնարհաբար կը դիմէ։ Եթէ չհակառակինք անոր ներգործութեան, Ան պիտի հպի մեր շրթունքներուն իր բազումողորմ սիրոյ կրակով, ինչպէս ըրաւ Եսայի մարգարէին եւ ասիկա ատակ պիտի դարձնէ ընդունելու զայն ու տանելու մեր եղբայրներուն։ Եսայի նման, մենք եւս հրաւիրուած ենք չփակուիլ, պահպանելով մեր հաւատքը պահեստանոցի մը մէջ։  Ընդհակառակը` կանչուած ենք բաժնելու Աստուծոյ ողորմութենէն ընտրուած ու փրկուած մեր ուրախութիւնը, ըլլալու վկաները որ հաւատքը կարող է տալու նոր ուղղութիւն մը մեր ընթացքին, մեզ կը դարձնէ  ազատ ու զօրաւոր, տրամադիր ու ատակ, դառնալու առաքելութեան։ Ո՛րքան գեղեցիկ է ըմբռնել որ հաւատքը կղզիացումէն կ՛ազատէ, ճիշտ որովհետեւ մեզ կը դարձնէ բարեկամները մեր Տիրոջ Քրիստոսի ու մեզ կը մղէ բացուելու ուրիշներուն ու բնականաբար դառնալ  առաքեալներ։

Դուք սիրեցեալ խորանի սպասաւորներ, որքան մօտենաք խորանին, այնքան մտերիմ խօսակիցները պիտի դառնաք Յիսուսի առօրեայ աղօթքով։ Որքան ճաշակէք Տիրոջ Խօսքէն ու Մարմնէն աւելի կարող պիտի դառնաք բացուելու մերձաւորին, անոր տանելով ստացած պարգեւը եւ խանդավառութեամբ պիտի հաղորդէք ձեր ստացած ուրախութիւնը, ըսաւ  ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց երախտագիտութիւն յայտնելով Տիրոջ խորանը սպասաւորելու տրամադրութեան համար, դարձնելով այս սպասարկութիւնը հաւատքի ու սիրոյ դաստիարակութեան վայր մը։ Ուրախ եմ որ դուք եւս Եսայի  մարգարէի նման Տիրոջ պատասխանեցիք. ‘’ահա հոս եմ, զիս ղրկէ’’։  








All the contents on this site are copyrighted ©.