Յառաջիկայ 2 Սեպտեմբերին, Վատիկանի թղթատարութիւնը լոյս պիտի ընծայէ նոր արտակներ նուիրուած.
- Աուշվիցի ազատագրման 70-րդ տարեդարձին եւ յիշատակի օրուան կարգաւորման 10-րդ տարեդարձին։
- ‘’Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին’’
- Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաստատումին 50-րդ տարեդարձին ։
Աուշվիցի ազատագրման 70-րդ տարեդարձին եւ յիշատակի օրուան կարգաւորման 10-րդ տարեդարձին առթիւ հրատարակուած արտակներուն ձախ կողմի վրայ տպագրուած են կոտորածի դաշտին տխուր խորհրդանիշերը որոնց վրայ զետեղուած է վարդ մը զոհերու ի մեծարանք։ Դրոշմաթուղթի արժէքը կը պատկերացնէ վառուած մոմ մը, որպէս զգուշացում ապագայ սերունդներուն ողջ պահելու յիշատակը պատահածին որպէսզի այդ բնաւ չկրկնուի։
‘’Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձը’’։ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը տեղի ունեցաւ Վատիկան` 1962-1965, Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զ Քահանայապետերու հովանաւորութեամբ, ունենալով որպէս կէտնպատակ պատշաճ բարենորոգումներ կատարել։ ‘’Հարկաւոր է որ Եկեղեցւոյ ստոյգ եւ անփոփոխ վարդապետութիւնը խորացուի ու բացայայտուի մեր ժամանակներու պահանջին համաձայն’’ ըսած էր Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը տիեզերական ժողովի բացման օրը` 11 Հոկտեմբեր 1962։ Վատիկանի թղթատարութիւնը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին առթիւ կը հրապարակէ չորս բացիկներ, գործ գեղարուեստագէտ` Օրիեթթա Ռոսսիի։ Բացիկները կը պատկերացնեն Ժողովի յանձնախումբէն հրապարակուած չորս սահմանադրութիւններ։
‘’Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաստատումին 50-րդ տարեդարձը’’։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի համահաւաք դասի ոգին ողջ պահելու նպատակով¬, Պօղոս Զ Քահանայապետը 1965-ին ստեղծեց նոր հաստատութիւն մը` օգնելու համար ընդհանրական Հովիւը իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու` գօտեպնդելով իր կապերը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ։ 15 Սեպտեմբեր 1965-ին առաքելական թուղթով մը Մոնթինի Քահանայապետը հիմնեց Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը։
50 Տարիէ ի վեր գործող այս հաստատութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի գումարէ իր 14-րդ հաւաքը` խորհրդածելու եւ քննարկելու ‘’Ընտանիքը եւ Աւետարանութիւնը’’ նիւթը։ Եկեղեցին որպէս Մայր ու Դաստիարակ, մարդկութեամբ մասնագէտ եւ հաւատարմաբար կը քարոզէ ‘’Ընտանիքի Աւետարանը’’։
All the contents on this site are copyrighted ©. |