2015-07-29 09:28:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ընկերային կեանքի պայմանները բազմազան են:

Հազարումէկ հաշիւներ, փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած գործակցութիւններ, շահութաբեր ձեռնարկներու իրագործման համար կնքուած դաշինքներ, միասնական ծրագիրներու յաջողութեան նպատակով պսակադրուած ամուսնութիւններ, եւ դեռ անհաշիւ կերպեր, որոնց միջոցաւ մարդիկ կապեր կը հաստատեն իրարու հետ:

Հին ժամանակներէն սկսեալ փոխադարձ համաձայնութեան այս կապը եղած ըլլալով, դարերու ընթացքին անոր կերպերը միայն փոխուած են: Անցեալ քաղաքակրթութեանց պարագային, երբ չկար գիր ու գրականութիւն, վստահաբար դաշինքներ կնքելու տարբեր կերպեր կիրարկուած են, համաձայն տուեալ համաձայնութեան լրջութեան, ու ներկայացուցած կարեւորութեան:

Իսկ այսօր, երբ «իրաւունքներու դարաշրջանի» մէջ կ’ապրինք, նորագոյն քաղաքակրթութեամբ, ամէն բան պէտք է վաւերաթուղթերով, ստորագրութիւններով, օրինական կնիքներով, տուեալ երկրի կառավարական վաւերացումներով, վկաներով, այսինքն՝ օրինաւորապէս հաստատուած ըլլայ:

Կ’ըսուի, թէ մնայուն դաշինք կամ անվախճան բարեկամութիւն չկայ: Բարեկամութիւններուն նիւթերը եւ պատճառները կը տարբերին իրարմէ: Ասիկա տխուր հաստատում մըն է մարդկութեան պատմութեան ամբողջ տեւողութեան: Օրինակ մը տանք.  ամուսնութեան պարագային. երբ առաջին տարիներու ֆիզիքական բորբ ջերմութիւնը անցնի, իրարու նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնները նուազագոյնի իջնեն, պէ՞տք է ամուսնական ուխտը դրժուի եւ ընտանիքը քայքայուի:

Մարդոց մօտենալու եւ անոնց բարեկամանալու տարբեր չափանիշներ կը գծուին քրիստոնէութեան մեծ վարդապետին՝ Յիսուսի կողմէ, իր առաքեալներուն ձեռքով գրուած Աւետարաններուն մէջ: Նախ, իր ընտրած մարդիկը, որոնք իր առաքելութեան շարունակողները պիտի ըլլային այս աշխարհի վրայ, իր բարեկամները կը կոչէ: Սակայն անոնք եւս դժուար պահերուն՝ ինչպէս Գեթսեմանիի մէջ, երբ մահու եւ կենաց կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, Յիսուսի «բարեկամ» կոչածները հեռացան իրմէ, իրենց կաշին փրկելու համար ։ Աւելի ուշ, ինքզինք Վարդապետին ամէնէն հաւատարիմ պաշտպանը նկատող Պետրոսը եւս երիցս ուրացումով խոյս տուաւ ստոյգ վտանգէն եւ ձերբակալութենէն, ու փրկեց իր կեանքը : Աւելին, իր ընտրած ու բարեկամ կոչած անձերէն, եւ իր ամէնէն սեղմ շրջանակին պատկանողներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին իր մատնիչը պիտի ըլլար…

Արդ՝ եթէ Աստուածորդիին ընտրութիւնը, որ ամէնէն կատարեալը պիտի ըլլար, այսպիսի վախճան ունեցաւ, ալ ենթադրելի է թէ մարդոց կատարած ընտրութիւնները եւ հաստատած բարեկամութիւնները ինչքան թերի կրնան ըլլալ, եւ անակնկալներով յղի:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ, սակայն, բարեկամ ըլլալու կոչուած անձերը միայն մեզի հաճելի թուացողները, կամ՝ մեր գործին համար անհրաժեշտ եղող անձերը չեն: Յաճախ կը տեսնենք, որ Ան բարեկամութիւններ կը մշակէ նաեւ ոչ օրինապահ, խաբեբայ, գող, անբարոյ եւ անարժէք մարդոց հետ: Իր ներկայացուցած առակին մէջ մաքսաւորը Յիսուսի բարեկամը կարելի չէ՞ կոչել: Հակառակ անոր, որ ոչ օրինապահ մէկն էր ան, սակայն անոր ապրած զղջումի պահը, զայն իսկական բարեկամը դարձուց Յիսուսի : Զաքէոս ու Մատթէոս մաքսաւորները Յիսուսի իսկական բարեկամները չդարձա՞ն իրենց ամբողջական զղջումով, երբ առաջինը իր ստացուածքին կէսը աղքատներուն բաժնեց, եւ իր անիրաւած անձերուն քառապատիկ վճարեց, իսկ միւսը իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Աւետարանի քարոզչութեան՝ աշակերտելով Վարդապետին…: Դարձեալ, փարիսեցիի մը խնդրանքին ընդառաջելով, անոր տունը ճաշի չգնա՞ց Յիսուս, եւ աւելի՛ն, նոյն քաղաքին մէջ ապրող պոռնիկ կին մը իմանալով որ հոն է Վարդապետը, ներս մտնելով ամօթահար չմօտեցա՞ւ Անոր, ու իր արցունքներով Անոր ոտքերը չթրջե՞ց ու իր մազերով չսրբե՞ց զանոնք եւ աստուածային բարեկամութեան չարժանացա՞ւ ...

Յիսուս թելադրեց «Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին» : Պարզապէս այստեղ Աւետարանը քեզի կը ծանօթացնէ նոր բարեկամներդ, իբրեւ վստահելի բարեկամներ, որոնց բարեկամութիւնը գուցէ աւելի երկար ալ կը տեւէ, քան քու բարեկամ համարածներուդ բարեկամութիւնը…:

Այս բոլոր վկայութիւնները կը հաստատեն, որ Աստուածորդին մարդոց միջեւ խտրութիւն չդրաւ, որովհետեւ իր նպատակը բոլո՛ր մարդոց հետ բարեկամութիւն կնքել էր: Անոր առաքելութեան հիմնական նպատակը մարդկութեան փրկագործութիւնն էր, մարդուն Աստուծոյ հետ հաշտութիւնն էր…: Իսկ քո՞ւ նպատակդ ի՞նչ է, հաստատած բարեկամութիւններուդ պարագային: Դո՞ւն ովքեր քու բարեկամներդ կը նկատես: Այստեղ կարելի է թուարկել բարեկամութիւններու տեսակներ եւ փոխադարձ շահու վրայ հիմնուած բազմաթիւ դաշնադրութիւններ: Սակայն, ես տիտղոսներ, հանգամանքներ ու անուններ պիտի չտամ, որպէսզի դուն ինքդ դիտես շրջապատդ ու վերանայումի ենթարկես մարդկային բոլոր յարաբերութիւններդ…:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.