2015-07-07 09:58:00

Էքուատոր. Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Յիսուսեան միաբանակիցներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կուայաքիլի թեմի այցելութեան շրջագիծէն ներս­­, 6 յուլիս 2015-ին­,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ մօտ քսան Յիսուսեան կրօնաւորներու հետ՝ Խաւիէ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ։

Սրբազան Հայրը այնտեղ մատոյց Սուրբ Պատարագը եւ ապա ժամանակ անցուց զանազան հասարակութիւններէ եկած կրօնաւորներուն հետ, որոնք յատկապէս աշխատանք կը տանին ընկերային ծառայութիւններու շրջագիծէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ 91-ամեայ Հայր Փաքիթօ, որ նորընծաներու մեծաւոր եղած է յիշեալ վարժարանին մէջ, այն շրջանին, երբ Պերկոլիօ Արկենթինայի Յիսուսեաններու նահանգային մեծաւորն էր։

Սրբազան Հայրը այդ շրջանին երեսունի չափ աշակերտներ ուղարկած էր այդ վարժարանը, որպէս զի կազմաւորուին Հայր Փաքիթոյի տեսչութեան տակ, որուն աշխատելակերպը Պերկոլիօ մեծապէս կը գնահատէր։ Այդ աշակերտներու կարգին է նաեւ Տիեկօ Ֆարես՝ Սրբազան Պապին բարեկամը։ Հակառակ որ Պերկոլիօ եւ Հայր Փաքիթօ միայն երեք անգամ իրարու հանդիպած են, սակայն միշտ պահած են բարեկամական կապը։ Հայր Փաքիթօ արտայայտուած է “Չիվիլթա Քաթթոլիքա” պարբերականի տնօրէնին՝ Անթոնիօ Սփարատոյի՝ թէ “ապշած է, թէ ի´նչպէս Սրբազան Քահանայապետը միշտ զինք կը յիշէ։”

Ըստ Հայր Լոմպարտիի՝ հանդիպումը աւարտած է միասին ճաշով “յոյժ ընտանեկան եւ անպաշտօն մթնոլորտի մէջ”, ուր նաեւ կարկանդակով շնորհաւորած են Հայր Սփատարոն, որ այսօր կը բոլորէ իր 49րդ տարեդարձը, չմոռնալով նաեւ կարկանդակի մոմը, ըստ Սրբազան Պապի փափաքին։ Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ բռնութեան ենթարկուած կիներու օգնութեան համար գործող կին մը։

Սրբազան Պապը հրաժարած է իր յետմիջօրէի հանգիստէն՝ աւելի երկար ժամանակ անցնել կարենալու համար եղբայրակիցներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.