2015-06-30 11:19:00

Քուպայի եպիսկոպոսներուն պատգամը` Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քուպա կատարելիք հովուական այցելութեան առթիւ, Քուպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը պատգամ մը յղած է, որուն մէջ յայտնած է իր ուրախութիւնը ի տես Սրբազան Քահանայապետին մօտակայ այցելութեան, ընդգծելով նաեւ եկեղեցւոյ Տիեզերական Հովիւին ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամի կարեւորութիւնը։

''Ֆրանչիսկոս Պապը  պիտի հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ վերջին 17 տարիներուն այցելեցին կղզին'' կը գրեն եպիսկոպոսները ''Քուպան եւ Պրազիլը,  միակ երկիրներն են որոնք առանձնաշնորհումը ունեցան երեր քահանայապետեր ընդունելու''։

1998-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ կղզին այցելեց որպէս ''Ճշմարտութեան եւ յոյսի պատգամաւոր'', 2012-ին վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ի այցելութիւնը յատկանշուեցաւ որպէս ''Սիրոյ ուխտագնացութիւն'' մինչ Ֆրանչիկսոս Պապը կղզին պիտի այցելէ որպէս ''ողորմութեան ուխտաւոր''։

''Այս աշխարհին մէջ ամէնքը կարիքը ունին ողորմութեան'' կը գրեն եպիսկոպոսները հրաւիրելով կղզիին հաւատացեալ հասարակութիւնները հոգեպէս պատրաստուելու այդ ժամադրութեան, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներու երրորդ ուրբաթ օրերը ծոմապահութիւն կատարելով եւ աղօթելով` ողորմութիւնը հայցելու համար ։

17 եւ 18 սեպտեմբերի գիշերը, Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանելուն նախօրեակին նախատեսուած է աղօթքի հսկում ''հայցելու Աստուծոյ օգնութիւնը եւ Քուպացիներու սրտերը պատրաստելու, ունկնդրելու եւ ընկալելու յոյսի եւ ողորմութեան պատգամը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը իր հետ պիտի բերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.