(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։
2015-ի Յունիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի` գաղթականներն ու փախստականները հիւրընկալութիւն գտնեն ու յարգալիր վարմունքի արժանանան այն երկիրներուն մէջ ուր կը ժամանեն''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Յիսուսի հետ անձնական հանդիպումը շատ մը երիտասարդներուն մէջ արթնցնէ ցանկութիւնը Անոր նուիրելու իրենց սեփական էութիւնը քահանայութեան կամ նուիրեալ կեանքի միջոցաւ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |