2015-05-25 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սարայեվօ`''Խաղաղութիւնը քեզ հետ''


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` յառաջիկայ 6 Յունիս 2015-ին առաքելական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Սարայեվօ։ Այդ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին 8-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը եւ այցելած երկիրներուն 11-րդը։

Ժամադրութիւններով խիտ Առաքելական միօրեայ ճամբորդութիւնը կ՛եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Պապին` երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով։ Առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է ''Խաղաղութիւնը քեզ հետ''։

Սարայեվօ այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ հինգ կարեւոր հանդիպումներ եւ ճառեր։

6 Յունիսի առաւօտեան ժամը 7,30-ին, Սրբազան Հայրը կը մեկնի Հռոմի Ֆիումիչինօ  միջազգային օդակայանէն եւ Սարայեվօ կը հասնի ժամը 9-ին։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք հանդիպում կ՛ ունենայ հանրապետութեան նախագահութեան երեք անդամներուն ու երկրի իշխանութիւններուն հետ։ Որմէ ետք քաղաքի մարզադաշտին մէջ կը մատուցէ բացօթեայ սուրբ պատարագը։Կէսօրին` առաքելական դեսպանատան մէջ սիրոյ ճաշը կը բաժնեկցի տեղական եպիսկոպոսներուն հետ։

Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը կը հանդիպի  կղերական դասին հետ ու Ֆրանչիսկեաններուն կեդրոնին մէջ կը մասնակցի համամիութենական ու միջ-կրօնական աղօթքին որուն աւարտին հանդիպում կ՛ունենայ  երիտասարդներուն հետ։

 

Պոզնիայի եւ Էրծեկովինայի եկեղեցական վիճակագրական տուեալները։

Երկիրը ունի 51.197 տարածութիւն։ Բնակչութիւնը կը հաշուէ 3 միլիոն 833 հազար­, որոնցմէ 439 հազարը կաթողիկէ են։

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 4 Եկեղեցական գաւառներ եւ 304 ժողովրդապետութիւններ ուր կը գործեն 6 եպիսկոպոսներ, 280 թեմական քահանաներ եւ 344  կրօնաւոր քահանաները, 14 մնայուն սարկաւագներ, 537 կրօնաւորուհիներ եւ 144 կրօնուսոյցներ­։ Փոքր նորընծայարանի ժառանգաւորներու թիւն է 96, մինչ մեծ նորընծայարանի աշակերտութեանց թիւը կը հասնի 120-ի։     

Եկեղեցին ունի 2445 մանկամսուրներ ու նախակրթարաններ, 2180  Ճեմարաններ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կը գործեն  6 հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ ու չորս ծերանոցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.