2015-05-02 09:54:00

Սիտնիի մէջ կաթողիկէ մամուլին երրորդ գիտաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ մայիս 4-6, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ­, տեղի պիտի ունենայ կաթողիկէ մամուլին երրորդ գիտաժողովը. ''Բերանը կը խօսի սրտի լիութենէն'' նիւթին մասին։ Բնաբանը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանէն։ Հաւաքը կազմակերպուած է Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընկերային հաղորդակցութեանց գրասենեակի ջանքերով։

Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 200 լրատուներու։ Բացման զեկոյցը պիտի կատարէ գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին։ Այս առթիւ կը նախատեսուի նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  մէկ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.