2015-05-02 09:42:00

Եղբայր Լուիճի Տէլլա Քոնսոլաթայի երանացման արարողութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 մայիսին, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ   հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ, որուն  ընթացքին, երանելի կը հռչակէ եղբայր Լուիճի Տէլլա Քոնսոլաթան՝ աւազանի անունով Անտրէա Քոթթոլէնկօ։

Եղբայր Պորտինօ, ծնած է Քունէօ  քաղաքին մէջ՝ 12 օգոստոս 1922ին, համեստ ընտանիքի յարկին տակ։ Ան եղած է մարզանքը սիրող մարդ, որ  արժանացած է զանազան մրցանակներու։ Իր յաճախած ժողովրդապետութեան վկայութեան համաձայն եղբայր Պորտինօ երբեք ինքզինք յոգնած չէ զգացած, մարզական մրցումներու  ընթացքին  ոչ մէկը կրցած է զինքը պարտութեան մատնել։

20 տարեկանին, կը կանչուի եւ մաս կը կազմէ Քունէօ տարածաշրջանի զինուորական գունդին եւ կ՝ուղարկուի Ռուսակոյ դէմ ճակատամարտ։

Անտրէա եւ իր եղբայրը պատերազմի շրջանին, 26 յունուար 1943-ին, բանտարկութեան կ՝ենթարկուին եւ կ՝աքսորուին դէպի Սիպերիա։

Ան՝ Սիպերիոյ մէջ, երբեք  խնամք չէ տարած իր անձին հանդէպ այլ՝  անձնուիրութեամբ, ծառայութիւն մատուցած է ուրիշներուն՝ բուժելով համաճարակէ վարակուած  իր հիւանդ բարեկամները։ Այդ ժամանակաշրջանին է, որ եղբայր Անտրէա լսեց Յիսուսի կոչը։

23 Յուլիս 1946ին, կը վերադառնայ Թորինօ քաղաք եւ հոն  մուտք կը գործէ Քոթթոլէնկօ վանք, անուանակոչուելով Եղբայր Լուիճի Տէլլա Քոնսոլաթա։  Եղբայր Լուիճի, իր բոլոր ժամանակը անցուցած է խնամք տանելով հիւանդներուն եւ տկարներուն։

55 տարեկանին, ծանր հիւանդութեան մատնուած, ան՝ կը շարունակէ ապրիլ փառաբանելով զԱստուած եւ ներշնչուելով Տիրոջմէ։ Եղբայր Լուիճի  Իր մահկանացուն կը կնքէ 27 օգոստոս 1977ին,

12 ապրիլ 2003-ին, ՅՊԲ սուրբ Քահանայապետի օրով Եղբայր Լուիճի արժանացաւ Աստուծոյ ծառաներու շարքին դասուելու։   








All the contents on this site are copyrighted ©.