2015-05-02 09:51:00

Եգիպտոսի մահմետականները կը սատարեն նոր եկեղեցիներու կառուցումին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Գահիրէ հիւսիսային Al Manufiyya շրջանին մէջ  նոր եկեղեցի մը կը բարձրանայ շնորհիւ մահմետականներէն եկած նուիրատուութեան, կը հաղորդէ շրջանի ղպտի համայնքը։

Նորակառոյց եկեղեցին նուիրուած է Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Բազմաթիւ մահմետականներ յուզուած Լիպիայի ծովեզերքը ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքով նահատակուած քրիստոնեայ իրենց հայրենակիցներու տեսարանէն, ուզեցին իրենց սիրայօժար նպաստը բերել։

Al Manufiyya թեմի եպիսկոպոսը արհիապատիւ Պենիամին մաղթանք յայտնեց որ այս նախաձեռնութիւնը ծաւալի երկրի բոլոր մարզերուն մէջ եւ եղբայրութեան պատգամ հանդիսանայ համայն աշխարհի։








All the contents on this site are copyrighted ©.