2015-04-26 12:01:00

Բարի Հովիւի Կիրակիի Մարեմեան աղօթքը` Զօրակցութիւն Նեփալի բնակչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 26 Ապրիլ 2015-ին­, յետ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին ձեռնադրեց 19 նոր քահանաներ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին խորհրդածեց օրուան ծիսակատարութեան եւ Բարի Հովիւի մասին որ իր կեանքը կու տայ իր ոչխարներուն համար։ 

Քրիստոս – ըսաւ Քահանայապետը ճշմարիտ Հովիւն է որ կ՛իրագործէ սիրոյ ամենաբարձր ցուցաբերումը հանդէպ իր հօտին։ Ան իր կեանքը կը նուիրէ անոնց։ Ան կը ներկայանայ որպէս միակ եւ իսկական հովիւը իր ժողովուրդին, հակազդելով անիրաւ հովիւներուն որոնք միայն իրենց փառքը կը փնտռեն։

Յիսուսի մէջ մենք կը տեսնենք Աստուծոյ նախախնամութիւնը ու Անոր հոգատարութիւնը մեզմէ ամէն մէկուննկատմամբ – ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց բոլոր անոնց որոնք կը հետեւին բարի Հովիւին ու յատկապէս անոնց որոնք կանչուած են Եկեղեցւոյ առաքելութեան` քահանաները, եպիսկոպոսները, որոնք պէտք չէ ունենան կառավարիչի  մտածելակերպ այլ ծառայի, Յիսուսի նմանութեամբ որ մեզ փրկեց իր ողորմութեամբ – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի` իրեն, եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն համար ընդունի շնորհքը ծառայելու Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին, Աւետարանի ուրախ քարոզչութեամբ եւ խորհուրդներու բաժնեկից մատակարարումով ինչպէս նաեւ խոնարհ ու համբերատար հովուական առաջնորդութեամբ։   

Աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել Նեփալի ու անոր սահմանակից երկիրներուն բնակչութեան, որոնք  ենթարկուեցան ահաւոր եւ աւերիչ մէկ երկրաշարժի։

''Կ՛աղօթեմ գոհերուն, վիրաւորեալներուն ու բոլոր անոնց որ կը տառապին այս  աղէտէն։ Թող անոնք ընդունին եղբայրական զօրակցութիւն'' կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթելու Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։ Ապա գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ յիշելով Քանատայի մէջ երանուհի հռչակուած ''Մարիա Էլիզա Թուրկէոնը''։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորները` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումին առաջին տարեդարձին  առթիւ (27 ապրիլ 2014), ու խրախուսեց զանոնք իրենց սրտերը բանալու Քրիստոսի, այնպէս ինչպէս խնդրած էր սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.