2015-04-24 09:17:00

Հայոց Ցեղասպանութեան` Սուրբեր Հռչակուած Նահատակներու Յիշատակութեան Օրը Ապրիլ 24-ն Է


Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օր հռչակուեցաւ Ապրիլ 24-­ը` ի «Յիշատակ սրբոց նահատակաց, որք կատարեցան յընթացս ցեղասպանութեան Հայոց վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»: «Հայոց ցեղասպանութեան նահատականերուն, որոնք ինկան վասնոյ հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, հռչակում ենք սրբեր: Աղաչում ենք` ընդունէք մեր աղօթքները ու բարեխօսեցէք մեզ համար, որ մենք անդադար ձայնով փառք առաքենք Հօրը, Որդուն եւ Սուրբ Հոգուն»,­-«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը: Ճերմակափայլ հագուստներով երեխաները աղանիներ թռցուցին երկինք, որուն յաջորդեց «էջ Միածին ի Հօրէ» շարականը:

Այուհետեւ խորան բերուեցան սրբապատկերներն ու մասունքարանները, ինչպէս նաեւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բազմաթիւ մասունքերէն դուրս բերուած 14 սրբութիւնները: Երկու կաթողիկոսներու` Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց եւ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ձեռամբ կատարուեցաւ սրբադասման մասունքարանի ու սրբապատկերներու օծումը:

Աւելի քան 400-­ամեայ դադարէ ետք Հայ եկեղեցին մէջ վերականգնուեցաւ Սրբադսման կարգը: Սրբադասման աւարտին Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու մէջ պիտի հնչեն զանգերու 100 ղօղանջները, այնուհետեւ պիտի ըլլայ լռութեան մէկ վայրկեան:

Ապրիլ 24­-ին օծուած սրբապատկերը երկրպագութեան պիտի տրուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ վերջին սրբադասուողը Մովսէս Երրորդ Տաթեւացի Հայրապետը եղած է, որ սրբադասուած է իր գահակալութենէն 100 տարի ետք` Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի հռչակմամբ:

Երկար ընդմիջումէ ետք Հայոց Եկեղեցին մէջ սրբադասման կարգի վերականգնման եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրները քննարկուած են 2013 եւ 2014 թուականներու Եպիսկոպոսաց ժողովներուն:

-----------------------------------------------------------------------------------------------

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- 23 Ապրիլին երկարատեւ ընդմիջումէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասմամբ վերականգնուեցաւ հայ եկեղեցւոյ սրբադասման կարգը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բացօթեայ խորանին վրայ արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան ընթերցեց Եպսիկոպոսաց ժողովի հռչակագիրը, որով իբրեւ տարեկան եկեղեցական տօնացուցային օր սահմանուած է 24 Ապրիլը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4։15ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ՝ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներ օծեցին մասունքարանն ու սրբապատկերը: Վեհափառները ապա յղեցին իրենց պատգամները:

Սրբադասման արարողութեան առիթով մասունքարանին մէջ զետեղուած էին 196ին Տէր Զօրէն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին բերուած մասունքներն ու Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն տարուած մասունքները, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բազմաթիւ մասունքներէն բերուած էին 14 սրբութիւններ« որոնց շարքին՝ Սուրբ Գեղարդը, Ս. Գրիգոր Լուսավորչի աջը, Զէյթունի աւետարանը, Գէորգ Զօրավարի, Սահակ Պարթեւ հայրապետի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքները: Արարողակարգին մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկրներէ ժամանած եկեղեցապետեր եւ եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններ:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ներկայ եղաւ հայ քաղաքական վերնախաւը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայ եղան նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պաշտօնական եւ հոգեւոր պատուիրակութիւններ:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայութեան վերապրելու իրականութեան, որուն համար եւ նահատակներու սրբադասման համար փառք պէտք է տալ Աստուծոյ. «Օրհնաբանում ենք Տիրոջը, որ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Ցեղասպանութեան վկաներին թագադրում է սրբութեան պսակով ու նրանց բարեխօսութեամբ հեղում մեր կեանքին Իր անսպառ ողորմութիւնները»:

«Քրիստոսին նահատակութեամբ վկայելը ընդելուզուած է մեր ժողովրդի կեանքին: Սրբութեան, առաքինութեան, անձնուիրումի հոգեւոր սխրանքի բազում վկայութիւններ են արձանագրուած նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական տարեգրութեան մէջ: Քրիստոնէական հաւատքի համար հալածուող հայորդին աղօթքով է անցել նահատակութեան ճանապարհը, իսկ նրան անդուլ դաժանութեամբ հալածողը կարծել է, թէ իսպառ արմատախիլ է անում Քրիստոսի հանդէպ սէրը հայի կեանքից: Յիսուս Քրիստոսի համար նահատակ հայորդու արիւնը անխախտ հաւատքի ու ազգասիրութեան դրոշմն է դրել անապատի աւազներին, մինչդեռ եղեռնագործը կարծել է, թէ հայը անհետ կորչում է պատմութեան հողմերում: Քրիստոսանուիրումի եւ հայրենեաց սիրոյ նոյն այդ ոգով մեր ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային իր կեանքն է վերակերտել աշխարհի բոլոր կողմերում, վերածնունդ ապրել Արեւելեան Հայաստանում՝ մոխիրներից յառնած իր պետութեան հովանու ներքոյ: Վերելքի իր ուղին մեր ժողովուրդը կերտել է զոհողութիւններով, մաքառումով, մարդկային խղճի ու իրաւունքի առջեւ իր արդար դատը բարձրաձայնելու ջանքերով՝ միշտ աղօթքով յիշելով բիւրաւոր վկաներին Հայոց Ցեղասպանութեան», յայտնեց կաթողիկոսը:

Նահատակութեան խորհուրդին եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասին խօսելով՝ Գարեգին Բ. յայտնեց. «Քրիստոսին վկայած մեր նահատակները մեր հոգու հայեացքը երկրային իրողութիւններից բարձրացնում են դէպի երկնային կեանք, հոգեւոր զուարթութիւն պարգեւելով նրանց բարեխօսութիւնը հայցողներիս եւ քաջալերելով Տիրոջն ապաւինելու, փորձութիւնների յանդիման չերկնչելու եւ տէրունաշնորհ կեանքն ապրելու հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ գործերով: Ցեղասպանութեան նահատակներն այսօր երկնքի արքայութեան լուսեղէն օթեւաններում մարտիրոսութեան պսակով զարդարուած՝ արդարութեան, մարդասիրութեան, խաղաղութեան հովանաւոր սրբեր են, որոնց բարեխօսութիւնը երկնքից Աստծոյ ողորմութեան եւ շնորհների աղբիւրն է բացում այնտեղ, ուր տկարանում է արդարութիւնը, խախտւում են խաղաղութեան անդորրն ու ապահովութիւնը, ուր ոտնահարւում են մարդկանց եւ ժողովուրդների իրաւունքները, սպառնալիքներ են յառնում ընդդէմ հասարակութիւնների բարօր կեցութեան, մոլեգնում են հալածանքներ հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ»:

Անոր համաձայն՝ նահատակներուն սրբադասումը կենդանարար նոր շունչ, շնորհ եւ օրհնութիւն կը բերէ եկեղեցական եւ ազգային մեր կեանքին: «Մենք հաւատում ենք, որ մեր ժողովրդի հոգեւոր նոր վերածննդի պսակն ենք հիւսում` Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներին սրբադասելով: Մեր սուրբ նահատակների յիշատակն այլեւս ոչ թէ զոհի ու ննջեցեալի հոգեհանգստեան աղօթք է, այլ՝ յաղթանակած ու նահատակութեան արեամբ սրբագործուած անմարմին զինուորների յաղթական օրհներգութիւն: Այսօր մեր սուրբ նահատակների հաւատքի եւ հայրենեաց սիրոյ ջերմեռանդ ոգին տարածւում է Դեր Զօրից մինչեւ Սուրբ Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ, նորանկախ Հայաստանից մինչեւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքի վերածնուած անդաստաններ` զօրացնելով ապրելու անխախտ հաւատքով, մեր կեանքի վերազարթօնքի պայծառ տեսիլքով եւ մեր արդար դատի պաշտպանութեան աներկբայ կամքով»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ հասկացողութեան մէջ սուրբերուն՝ դիտել տալով, որ հայ եկեղեցին սուրբերը կը բնութագրէ իբրեւ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ լեցուած՝ չարը յաղթող ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու յաւերժացման համար իրենց անձերը ընծայաբերող վկաներ։ «Սուրբերը մեր կեանքը աստուածային ճշմարտութիւններով պայծառակերպող, մեր առջեւ երկնային դռները բացող եւ մեզ դէպի քրիստոսակեդրոն «ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք» (Յովհ. 14. 6) առաջնորդող աստուածազգեաց անձեր են։ Սուրբերը աստուածային սրբութեան ճառագայթներն են՝ մեր կեանքի ապականութեան դիմաց. երկնային լոյսին ցոլքերն են՝ մեր կեանքի խաւարին դիմաց. երկրէն երկինք բարձրացնող կամուրջ են՝ մեզ երկինքէն հեռացնող հոսանքներուն դիմաց», ըսաւ ան։

Ըստ անոր՝ առանց սուրբերու սրբացնող ներկայութեան« աննպատա՛կ է մեր կեանքը։ Առանց սուրբերու ոգեշնչող զօրութեան« աղքա՛տ է մեր կեանքը։ «Մեր սուրբերը լոկ ժողովական որոշումով ու կանոնական գործընթացով չսրբացան։ Մեր սուրբերը իրենց սրբակենցաղ կեանքով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ու մեր ժողովուրդին կողմէ սուրբ նկատուեցան եւ ապա միայն՝ եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ։ Մեր սուրբերը սոսկ ծէս ու պատկեր չեղան« պատմութիւն ու յիշատակ չդարձան։ Իրենց հաւատքի վկայութեամբ մեր սուրբերը գոյութենական ու ներզօր ներկայութիւն դարձան իւրաքանչիւր հայու մեր ազգի կեանքին մէջ։ Նո՛յնն է պարագան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։

Հարիւր տարիներ շարունակ մեր նահատակները սրբացնող« հզօրացնող ու կենսաւորող ներուժ դարձան իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան կեանքին մէջ։ Իրենց արեան վկայութեամբ մեր հաւատքը ամրացուցին. գերագոյն արժէքներու ու վեհ երազներու համար ապրելու ու պայքարելու մեր կամքը կռանեցին։ Հող ու ինչք կորսնցուցած եւ որբ ու գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին գոյատեւելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու յոյսը արծարծ պահեցին։

Սա պահուն, իր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով իր կեանքը թրծած ու սուրբերու աղօթքներով իր առաքելութիւնը կենսաւորած մեր եկեղեցին ՍՈՒՐԲ կը հռչակէ «վասն հաւատոյ ու հայրենեաց» իրենց անձերը զոհաբերած Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները», ըսաւ Արամ Ա.։

Ան նշեց, որ եկեղեցին պէտք է ուրախ ըլլայ, որ որովհետեւ իր սուրբերու երկար շղթային կու գան միանալու մեր հոգեւոր արժէքներու ու ազգային իտէալներու յաւերժացման համար իրենց անձերը որպէս կենդանի պատարագ մատուցած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ եւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ցեղասպան թուրքի եաթաղանին զոհ գացած սիրելի զաւակներդ այսօր կը միանան նահատակներու« վկաներու ու սուրբերու երկնային փաղանգին»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հաստատեց, որ մեր նահատակները «իմացեա՛լ մահ»ով մեռան« որպէսզի մենք հաւատքի՛ կեանքով ապրինք, գործենք ու ստեղծագործենք, մեր նահատակները մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն համար իրենց արիւնը թափեցին« որպէսզի մենք նո՛յն տեսիլքով ու յանձնառութեամբ պայքարինք։ Ան ըսաւ, որ հարիւր տարիներ հայութիւնը յիշեց իր նահատակները եւ հաւատարիմ մնաց անոնց նուիրական կտակին՝ կոչ ուղղելով շարունակելու յիշել սրբացած նահատակներդ« «որովհետեւ անոնց արիւնը աւիշը պիտի դառնայ քու զօրութեանդ ու երաշխիքը՝ քու յաղթանակիդ։ Միշտ յիշէ՛ նահատակներդ ու միաժամանակ յիշեցո՛ւր աշխարհին« որ անոնք անցեալին չեն պատկանիր« սոսկ պատմութիւն ու յիշատակ չեն« այլ կ’ապրին իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ՝ իրենց խոր հաւատքով« աննուաճ ոգիով ու անկատար տենչերով»։

Իր խօսքը եզրափակելով Արամ Ա. ըսաւ. Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս «անլռելի զանգակատուն»՝ ի խնդիր մեր բռնաբարուած արդար իրաւունքներու ձեռքբերման մեզ պայքարի մղող։ Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս կամքի դարբնոց՝ մեր պահանջատիրական կամքը կռանող։ Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս յուսատու աղբիւր՝ մեր քրիստոնէական յոյսը ամրապնդող։ Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս «մարտիրոսք երանեալք որք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունին»՝ մեր կեանքի ճամբան երկնային կենարար լոյսով լուսազարդող։

«Արդ, սուրբեր հայ եկեղեցւոյ սա պահուն, աշխարհացրիւ հայութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու ձեր սրբազան կտակին եւ հաւատքին ու հայրենիքին համար պայքարելու ու նոյնիսկ արիւն թափելու ձեր յանձնառութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.