2015-04-22 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքը` արու եւ Էգ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 22 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ յատկացուց Ընտանիքի նիւթին` ''Ընտանիքը որպէս արու եւ էգ''։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, - ըսաւ Քահանայապետը - անցեալ խորհրդածութեան ընթացքին, կեդրոնացայ մարդու ստեղծագործութեան առաջին պատմուածքին վրայ, Ծննդոց գիրքի առաջին գլուխին ուր գրուած է. ''Աստուած Մարդը ստեղծեց իր պատկերին նմանութեամբ` արու եւ էգ''։ Այսօր կ՛ուզեմ խորհրդածութիւնս ամբողջացնել երկրորդ պատմուածքով որ կը գտնուի Ծննդոց գիրքի երկրորդ գլուխին մէջ (Ծննդոց 2,7) ուր գրուած է` որ Տէրը ստեղծելէ ետք երկինքն ու երկիրը ''մարդուն ստեղծեց երկրի հողից, նրա դէմքին կենդանութեան շունչ փչեց եւ մարդն եղաւ կենդանի էակ''։ Ստեղծագործութեան գագաթնակէտը։

Ծննդոց գիրքը կը յայտնէ թէ կինը այր մարդու նմանօրինակը կամ կրկնութիւնը չէ։ Ան Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է եւ ոչ թէ մարդուն։ Աստուծոյ վստահութիւնը մարդու եւ կնոջ հանդէպ անսահման է։ Սակայն մեղքը` որ անհնազանդութեան կը տանի, անոնց միջեւ խզումն ու անվստահութիւն յառաջացուց եւ մարդ արարածը ինքզինք նկատեց ամենակարող, ոջնջացնելով տիրող ներդաշնակութիւնը։

Տղամարդու եւ կնոջ միջեւ արդիւնաւէտ եւ կայուն միութեան Ընկերային արժեզրկումները մեզ բոլորիս համար կորուստ մըն են։ Եւ այդ միութեան պահպանումը, նոյնիսկ մեղաւոր եւ վիրաւորուած,  շփոթ եւ նուաստացած, կասկածամիտ ու անորոշ վիճակի մէջ, մեզի հաւատացեալներուս համար յանձնառու կոչում մը ըլլալու է։

Ծննդոց գիրքի պատմուածքը ապա կը նշէ (Ծննդոց 3,21) ''Տէր Աստուած Ադամի եւ նրա կնոջ համար կաշուից զգեստներ պատրաստեց եւ հագցրեց նրանց''` քնքշութեան պատկեր մը հանդէպ մեղաւոր զոյգին։ Պատկեր խնամակալ Հօր` հանդէպ մարդկային էակին։ Նոյնինքն Աստուած է որ կը խնամէ եւ կը պահպանէ իր գլուխ գործոցը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ու ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն, զանոնք քաջալերելով սորվիլ Սուրբ Կոյս Մարիամէն ու այս Զատկուայ շրջանը ապրիլ` ժամանակ յատկացնելով Աստուծոյ խօսքին եւ եղբայր օգնութեան ու  իրենց Եկեղեցական պատկանելիութիւնը ապրին երջանկութեամբ, Կեղեցին որ է Յարուցեալ Քրիստոսի աշակերտներու ընտանիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.