2015-04-18 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ նախագահ Մաթթարելլան։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 18 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային, անոր դուստրին եւ պետական մէկ պատուիրակութեան մը։

Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին տուած այցելութեան համար, ակնարկելով Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ տիրող յարաբերութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններու հիմը կազմող Լատերանեան Դաշնագիրին։

Եկեղեցին – ըսաւ Քահանայապետը – բոլորին կը նուիրէ Աւետարանի գեղեցկութիւնն ու անոր փրկութեան պատգամը, եւ իր հոգեւոր առաքելութիւնը իրականացնելու համար կարիքը ունի խաղաղութեան եւ անդորրութեան որ միայն պետական իշխանութիւնները կարող են ապահովել եւ որոնց յանձնուած է նաեւ հաւասար զարգացումի պայմաններու ապահովութիւնը։

Փոխադարձ ինքնավարութիւնը, փաստօրէն, չի ժխտեր այլ կ՛ուժեղացնէ միասնական պատասխանատուութիւնը հանդէպ մարդ էակին ու հասարակութիւններու  հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներուն, նուիրեալ եւ խոնարհ ծառայութեամբ։

Իտալիոյ պատմութիւնը կը բացայայտէ որքանով Քրիստոնէութիւնն ու անոր մշակոյթը մեծ ներդրում ունեցած են բնակչութեան վրայ եւ որքանով քրիստոնեայ հաւատքը ներշնչեց արուեստը, ճարտարապետութիւնը եւ երկրի աւանդութիւնները։

Սրբազան Հայրը հուսկ շեշտեց աշխատանքի եւ ամէն անհատի աշխատանք ապահովեցնելու կարելիութիւնը, որպէս անհատի արժանապատուութեան մասնիկ մը, յատկապէս երիտասարդներուն համար, որպէսզի աշխատանքի միջոցաւ անոնք կարենան ապահովեցնել բարգաւաճ ապագայ մը։ Այս առընչութեամբ Քահանայապետը հրաւիրեց` բոլոր անոնք որ պատասխանատուութեան դիրքեր ունին, յանձնառումով եւ քաջութեամբ դիմագրաւելու այս հարցը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա բնապահպանութեան ու անոր կապուած հարցերու մասին յատկապէս կեդրոնանալով ''Միլանոյի Էքսփօ 2015-ին'' որուն բնաբանն է ''Կերակրել մոլորակը։ կեանքի ուժականութիւն'' եւ որուն բացումը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – տեղի կ՛ունենայ յաջորդ օրերուն եւ որ կարեւոր առիթ մը կ՛ընծայէ  ծանօթանալու նորաստեղծ թեքնիքական  միջոցներուն որոնք անհրաժեշտ են բոլոր ժողովուրդներուն  ապահովելու համար առողջ ու բաւարար սնունդ մը յարգելով բնութիւնն ու միջավայրը։

Սրբազան Հայրը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իտալիոյ յանձնառումին` հանդէպ գաղթականներուն ու անոնց հիւրընկալութեան, ու խօսքը եզրափակեց նախագահին յայտներով բարի մաղթանքներ իր այս բարձր պաշտօնը լաւապէս կատարելու համար եւ որպէսզի Իտալիան, իր հարուստ աւանդութիւններով եւ իր մշակոյթով ներշնչուած քրիստոնէական հաւատքէն, կարենայ բարգաւաճիլ ու յառաջանալ­ համերաշխութեան մէջ իր սատարը տալով աշխարհի մէջ հաստատելու խաղաղութիւն եւ արդարութիւն։

Աստուած պահապան կանգնի Իտալիոյ եւ Իտալիոյ ամէն մէկ բնակիչին –ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ճառին աւարին։

 

Նախ Քան Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը­, Իտալիոյ նախագահը եւս ողջոյնի խօսք մը արտասանած էր Քահանայապետին որուն մէջ ի մէջ այլոց  երախտագիտութեան զգացումներ փոխանցած էր Ֆրանչիսկոս Պապին, անոր հայրական հոգատարութեան ինչպէս նաեւ ''յոյսի'' խօսքերուն համար որ յաճախ կ՛արտասանէ։

Նախագահը ապա ակնարկած էր Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի ու պատմական կապերուն, մատնանշելով ապա աշխարհն ու իտալիան յուզող հարցերուն` ինչպէս աշխատանքը, խաղաղութիւնը, զարգացումն ու բարգաւաճումը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը, որոնք Քահանայապետին ու անոր նախորդներուն վարդապետութիւններուն մէջ կը գտնեն ներշնչման պատշաճ աղբիւրներ։

Նախագահ  Մաթթարելլան  ակնարկեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ տարածքին տուած այցելութիւններուն եւ աղքատներուն ու անտեսուածներուն հանդէպ անոր ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ ''ընտանիքին'', որ է ընկերութեան հիմնական առանցքը, վստահեցնելով թէ Իտալիոյ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնները իրենց ջանքը կը թափեն նոր հորիզոններ բանալու երկրին դիմաց որպէսզի դուրս գայ իր այս տագնապալից պահէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.