2015-03-28 08:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Փրաթօ եւ Ֆիրենցէ ` 10 նոյեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 10 նոյեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Փրաթօ եւ Ֆիրենցէ քաղաքներուն։

Սրբազան Հայրը Վատիկանէն ինքնաթիռով կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7-ին եւ ճամբորդութեան առաջին հանգրուան` Փրաթօ­­­ կը ժամանէ 7.50 անց ու առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ ''բանուորական աշխարհի'' ներկայացուցիչներուն հետ, Փրաթոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ։ Հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը, միշտ ինքնաթիռով, կ՛ուղղուի դէպի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Ֆիրենցէ, ուր զինք կը դիմաւորէ Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Ճուզեփփէ Պեթորի եւ ուր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը` Իտալիոյ եկեղեցւոյ  ազգային 5-րդ համագումարի մասնակիցներուն հետ, Ֆիրենցէի աթոռանիստ` Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ եկեղեցւոյ մէջ։ Իտալիոյ եկեղեցւոյ  ազգային 5-րդ համագումարի բնաբանն է ''Յիսուս Քրիստոս նոր մարդկայնապաշտութիւնը'' եւ տեղի պիտի ունենայ 9 – 13 նոյեմբեր 2015։

Վերոյիշեալ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Ֆրանչիսկոս Պապը  Ֆիրենցէի ''Աւետման'' պազիլիքայի մէջ կը հանդիպի հիւանդներուն ու ապա աղքատներուն հետ կը բաժնեկցի` սիրոյ ճաշը, թեմական Քարիթասի ''Աղքատիկ Սուրբ Ֆարնչիսկոսի'' կեդրոնին մէջ։

Յետմիջօրէի ժամը 3-30-ին  Ֆիրենցէի ''Արթեմիօ Ֆրանքի'' մարզադաշտին մէջ, Սրբազան Հայրը կը հանդիսապետէ` հովուական այցելութիւնը  եզրափակող Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.