2015-03-26 09:57:00

Գրիգոր Նարեկացիի Երկերը


Գրիգոր Նարեկացիի Ժամանակը

Գրիգոր Նարեկացի ապրած է 950-1003 թուականերուն։ Անոր կենսագրութեան մօտէն անդրադառնալէն առաջ կու տանք ժամանակաշրջանի ընդհանուր պատկեր մը։ Ի հարկ է՝ այդ ժամանակի մանրամասնութիւնները, որ Հայոց պատմութեան հետաքրքրական շրջաններէն մին է՝ կարելի չէ բովանդակել քանի մը րոպէի մէջ։

Հայկական պետականութեան վերականգնումին համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններուն մէջ՝ Աշոտ Բագրատունին՝ ռազմավար եւ դիւանագէտ, մեծ դեր խաղացած է։ 859ին Աշոտ Բագրատունին կը նշանակուի Իշխանաց Իշխան։ Իր ժամանակ Հայաստանը կը զօրանայ տնտեսական եւ ռազմական մարզերու վրայ։

Բիւզանդացիներու եւ արաբներու միջեւ կատարուած հակամարտութիւններուն մէջ՝ Հայաստանը կը սկսի կարեւոր դեր մը խաղալ։ Դժբախտաբար բիւզանդացիները շատ բացասական դեր կատարած են իրենց տիրապետութիւնը տարածելու ախորժակներով եւ, ինչպէս միշտ՝ դաւանաբանական հարցեր բարձրացնելով։ Օրինակ մըն է միայն Շիրակավանի ժողովը՝ գումարուած 869ին, որ յստակ դիրք կը բռնէ բիւզանդական եկեղեցւոյ հետ միացման դէմ։

Բագրատունիները մեծ ճիգերով կը միացնեն Հայաստանի զանազան մասերը, ստէպ հանդիպելով նաեւ որոշ հայ իշխաններու դիմադրութեան, որոնք կ՝ուզէն իրենց ինքնիշխանութիւնը պահել։ Ժ. դարուն Բագրատունեաց թագաւորութիւնը կ՝ապրի ծաղկման ժամանակ մը։

Բագրատունիներու կողքին, գոյութիւն ունէր Վասպուրականի Արծրունիներու Թագաւորութիւնը՝ 908-1021։ Ան ունեցած է իր պատմական ելեւէջները։ 1003ին տեղի կ՝ունենայ Վասպուրականի պառակտուած թագաւորութեան վերամիաւորումը Սենեքերիմ Արծրունիի իշխանութեան ներքեւ։ Յիշենք որ Վասպուրականի թագաւորութիւնը կրած է բիւզանդական կայսրութեան քմահաճոյքներու պատճառած ազդեցութիւնները։ Բիւզանդացիները փորձած են նաեւ սիրաշահիլ կամ կաշառել Արծրունիները՝ գրգռելով զանոնք Բագրատունիներուն դէմ։

Աշոտ Գ.ի թագաւորական գահակալութիւնը տեղի կ՝ունենայ 953ին, երբ Գրիգոր Նարեկացին երկու կամ երեք տարեկան էր։ Աշոտ Գ., որ կը յիշուի նաեւ «Ողորմած» տիտղոսով, կը հիմնէ բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ։

961ին Անին կը հռչակուի Մայրաքաղաք Հայաստանի։ Սոյն տարին կը գումարուի Անիի ժողովը, որուն ներկայ կը գտնուին նաեւ Աղվանները։ Աշոտ՝ Անանիա կաթողիկոսի ձեռքով թագաւոր կ՝օծուի եւ կը հռչակուի Արքայից Արքայ։

Քաղաքական հակամարտութիւններու կողքին դժբախտաբար բացակայ չէին նաեւ եկեղեցական իշխանութիւներու գժտութիւններ եւ անկախացման ձգտումներ, ինչպէս զ.օ. Սիւնեաց Յակոբ եպիսկոպոսի պարագան։

Քաղաքական հոսանքներու հետ կաթողիկոսական աթոռն ալ կ՝ենթարկուի փոխադրութիւններու։

Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցի՝ Պատմաբան կաթողիկոս, 927 թուականին կաթողիկոսական աթոռը կը փոխադրէ Աղթամար կղզին՝ Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան սահմաններէն ներս։

Անանիա Մոկացի կաթողիկոս, 947 թուականին կաթողիկոսական աթոռը կը փոխադրէ Արգինա՝ Բագրատունի Թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի մօտ։

Սարգիս Ա. Սեւանցի կաթողիկոս, Անիի մէջ կաթողիկոս կ՝ընտրուի եւ 992ին կաթողիկոսական աթոռը կը փոխադրէ Անի։

Թ.-Ժ. դարերը կարեւոր են նաեւ հայոց վանականութեան զարգացման համար։ Այս շրջանին քաղաքական բարենպաստ պայմանները թոյլ կու տան որ վանականութիւնը զարգանայ եւ կատարէ իր առաքելութիւնը՝ առանց ամենօրեայ արհաւիրքներու եւ հալածանքներու։ Նաեւ իշխանական կամ ազնուական ընտանիքներու նուիրատուութիւնները եւ հիմնարկութիւնները չեն պակսիր։ Գիրն ու գրականութիւնը, գիտութիւնն ու հոգեւոր կեանքը կը զարգանան այնտեղ։ Այս շրջանին հիմնուած վանքերէն են Հաղբատ, Սանահին, Կեչառիս, Գեղարդ, Հաւուց Թառ, Խծկոնք, Մարմաշէն, Հոռոմոս։ Նաեւ Սիւնիքն ու Վասպուրականը կը հարստանան վանական համալիրներով եւ հոգեւոր ու գիտական կենդրոններով։ Նարեկայ Վանքը կը գտնուէր Արծրունեաց թագաւորութեան սահմաններէն ներս։ Հիմնուած է հայ կրօնաւորներէ, որոնք հալածուած էին բիւզանդացիներէն եւ ապաստանած այնտեղ։

Թոնդրակեան աղանդի ծագումն ալ այս շրջանին կը կատարուի, պատճառ դառնալով ոչ միայն եկեղեցական այլ եւ քաղաքական ընդհարումներու։ Սմբատ Զահրեւանեցին հիմնադիրն է աղանդին։ Այս աղանդաւորները կը մերժէին քահանայական կարգը եւ եկեղեցական նուիրապետութիւնը, եկեղեցին՝ առհասարակ, ձեռնադրութեան, մկրտութեան, հաղորդութեան խորհուրդները, Քրիստոսի զոհաբերութիւնը մարդկութեան փրկութեան համար կամ պատարագը, ծնրադրութիւնը՝ իբր պաղատանքի արտայայտութիւն, տէրունական տօները և ընդհանրապէս արտաքին բոլոր ծիսակատարութիւններն ու արարողութիւնները:

Անանիա Նարեկացին, որ եղած է առաջնորդ Նարեկայ վանքին եւ Նարեկայ վանական դպրոցի հիմնադիր՝ Անանիա Մոկացի կաթողիկոսի պահանջքով՝ գրած է հակաճառութիւն մը Թոնդրակեցիներուն դէմ։ Գրիգոր Նարեկացիի նամակներէն մէկուն մէջ պահուած է Անանիա Նարեկացիի հակաճառութեան բովանդակութիւնը։

Այս շրջանի ականաւոր դէմքերէն են Թովմա Արծրունի, Շապուհ Բագրատունի, Խոսրով Անձեւացի, Անանիա Նարեկացի, Գրիգոր Նարեկացի, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի։

Հոգեւոր կեանքի, գրականութեան եւ արուեստներու կարգին կը զարգանայ նաեւ ճարտարապետութեան ճիւղը։ 989ին կը կատարուի Անիի «Սմբատեան» պարիսպներու կառուցումը, 1001ին կ՝աւարտի Անիի մայր տաճարի կառուցումը. այս շրջանին կը կառուցուի Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.