2014-12-19 08:48:52

Հռոմ քաղաքին համար յատուկ աղօթք։


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Հռոմ թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Վալլինին ու թեմի եպիսկոպոսական խորհուրդը նախաձեռնած են` Աղօթք մը Հռոմի համար։ Աղօթքը նախատեսուած է 22 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Տիրամօր աւագ պազիլիքային մէջ։
Այս օրերուն Հռոմ քաղաքը կ’ապրի իր պատմութեան դառն օրերէն մէկը կաշառառութեան հետեւանքով, կը գրէ կարդինալ Վալլինին հաւատացեալներուն ուղղած նամակին մէջ, հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց աղօթքը բարձրացնելու ''Salus Populi Romani'' Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն կոչուած Տիրամօր սրբանկարին։ Անվստահութեան ու յոռետեսութեան մթնոլորտին ի տես մեր թեմական եկեղեցին կարիքը կը զգայ ապաշխարութեան` ձգտելով օրինականութեան ու անդորրութեան նոր եղանակի մը։ Այս նախաձեռնութեամբ Հռոմի Եկեղեցին կ’ուզէ հայցել Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխատի մարդկայնական քաղաքի մը կերտումին, ուր ամէն անհատի անձեռնմխելի արժանաւորութիւնը, արդարութեան եւ զօրակցութեան արժէքները դառնան ապրուած ու գործադրուած արժէքներ։ Այս նախաձեռնութեամբ Հռոմի Տեղապահը կ’ուզէ ընդգծել որ Հռոմը դրապաշտ քաղաք է, միշտ պատրաստ օգնութեան հասնելու կարօտեալին եւ ինչազուրկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.