2014-12-17 08:59:47

Յորդանանի Քարիթասի կոչը օգնութեան հասնելու Իրաքցի 7000 քրիստոնեայ գաղթականներուն։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Քրիստոնեայ Իրաքցիները, որոնք ապաստան գտած են Յորդանան, ներկայիս կը հաշուեն աւելի քան եօթը հազար հոգիներ։ Յորդանանի Քարիթասի եկեղեցական բարեսիրական մարմինը անոնց օգնութեան կը հասնի։
Ուաէլ Սուլէյման` տնօրէնը Յորդանանի Քարիթասին, կոչ ուղղած է բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց իրենց նպաստը բերելու իրաքցի քրիստոնեայ գաղթականներուն, քանի Քարիթասի օժանդակութեան կարողութիւնները սպառելու վրայ է։
Գաղթական քրիստոնեաներու 70 տոկոսը կեդրոնացած է Ամման։ Հազարը ապաստան գտած են մայրաքաղաքի 18 ժողովրդապետութիւններու մէջ, ուրիշներ` իրենք զիրենք կարգադրած են տուներու մէջ։ Ամէնքը կը յուսան գաղթել Ամերիկա, Աւստրալիա կամ Եւրոպա։
Մանուկները առաջին զոհերն են, քանի դաստիարակութենէն զրկուած են։
''Յորդանանի Քարիթասը մեծ դժուարութեամբ կը դիմագրաւէ քրիստոնեայ գաղթականներուն բնակութեան ծախսերը, անոնց ապրուստը, առ այժմ միմիայն երկու ամսուայ պաշար ունինք'', ըսախ է Սուլէյման` Քարիթասի տնօրէնը , հարցադրելով թէ ''ի՞նչպէս կարելի է ըսել գաղթականին տունը ձգէ ու փողոց ապրէ''։ Ան ապա հաստատած է թէ ''մինչեւ օրս մեզի օգնութեան հասան Գերմանիոյ եւ ԱՄՆի Քարիթասները։ Այլ հաստատութիւններէն ոչ մէկ օգնութիւն ստացանք։ Ոչ մէկ Միջազգային մարդասիրական մարմին օգնութեան կը հասնի քրիստոնեաներուն, խտրականութեամբ կամ զարտուղութիւն ընելու ամբաստանութեան վախէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.