2014-12-16 13:42:29

Կարդինալ Թուրքսոն կ՝այցելէ Սիէրրա Լէոնէն եւ Լիպերիան աջակցելու համար Իպոլա համաճարակէն վարակուած հիւանդներուն։


(Ռ.Վ. 16 դեկտեմբեր 2014) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Թուրքսոն, երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2014-ին ժամանեց Ափրիկէ, մօտիկութիւն յայտնելու Սիէրրա Լէոնէի եւ Լիպերիոյ մէջ Իպոլա համաճարակէն վարակուած բնակչութեան։ Երկու երկիրներուն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Թուրքսոնը տեղական եկեղեցիներու հաւատացեալներուն եւ պատասխանատուներուն ՝ պիտի փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապի աջակցութեան եւ յոյսի պատգամը։
Կարդինալ Թուրքսոնի ընկերակից՝ Միջազգային Քարիթասի բժշկական խորհուրդին անդամ՝ գերապայծառ Ռոպէրթ Վիթիլլօ՝ այցելութեան ծիրէն ներս յայտնեց թէ ՝՝ Եկեղեցին , Միջազգային Քարիթասը, եկեղեցական հաստատութիւնները ինչպէս նաեւ զանազան այլ կաթողիկէ կազմակերպութիւնները ձեռնպահ չմնացին Իպոլա համաճարակի հանդէպ. կղերական դասն ու ժողովրդապետութիւնները զօրաշարժ կազմակերպեցին դիմադրելու եւ կասեցնելու մահացու հիւանդութեան հետեւանքները։
Իսկ՝ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Թուրքսոնը իր կարգին, յայտնած է, թէ Իպոլա համաճարակէ վարակուած հիւանդներուն մարմնական հոգատարութիւն բաւարար չէ այլ՝ անոնց հարկաւոր է ապահովել նաեւ հոգեկան կարիքները, ինչպէս նաեւ մանուկներու դպրոց յաճախելու կարելիութիւնը։
Կարդինալ Թուրքսոնի Սիէրրա Լէոնի մէջ կեցութեան ընթացքին, խումբ մը կամաւորներ Սիէրրա լէոնէ գիւղերուն մէջ պիտի շրջին տունէ տուն, ազդարարելու եւ նախազգուշացնելու իպոլա համաճարակէն յառաջացած ժխտական հետեւանքները։
Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան առիթներով միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած էր չխնայելու ոչ մի ջանք արմատախիլ ընելու Իպոլա համաճարակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.