2014-11-29 09:57:50

Ս. Անդրէասին Կենսագրութիւնը


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Անդրէաս՝ ձկնորս, ծնած է Գալիլիոյ Բեթսայիդա քաղաքին մէջ, եղբայրն է Սիմոն Պետրոսի: Աւետարանին մէջ Յիսուսին հանդիպած առաջին աշակերտներէն է; Յովհաննէսի Աւետարանի Ա. Գլուխը զինք կը ներկայացնէ բարեկամի մը հետ մինչ կը հետեւէր Մկրտիչ քարոզչութեան, որ տեսնելով օր մը առաջ իրմէ մկրտուած Յիսուսը անցնելով՝ կը բացականչէ. ‹‹Ահա՛ Գառն Աստուծոյ››:
Խօսքեր, որ անմիջապէս կը մղեն Անդրէասը դէպի Յիսուս: Կը հասնին եւ կը խօսին հետը ու Անդրէաս կաճապարէ իմացնելու եղբօրը՝ Սիմոնին ըսելով. ‹‹Գտանք Մեսիային››:
Քիչ անց Սիմոնը եւս Յիսուսին առջեւն է, որը հայեացքը սեւեռելով անոր վրայ ըսաւ. ‹‹Դուն Սիմոնն ես՝ Յովնանի որդին, պիտի կոչուիս Կեփաս››:
Յետոյ եղբայրները կը վերադառնան ձկնորսութեան, մինչեւ այն ատեն երբ Յիսուս կու գայ եւ կ'ըսէ. ‹‹Հետեւեցէք ինծի, ձեզի մարդու որսորդ պիտի ընեմ››(Մատթ. 4. 18-20):
Ետքը, զինք կը գտնենք Ձիթենեաց պարտէզը՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսին հետ միասին, որ կը հարցնէր Յիսուսին վերջին ժամանակներու մասին:
Ս. Գիրքը իր մասին ուրիշ տեղեկութիւն չի տար, մինչ քանի մը պարականոն բնագիրներ գրած են իր մասին: Պատմաբան Եւսեբիոս Կեսարացիին (265-340) համաձայն Անդրէաս՝ Աւետարանը քարոզած է Փոքր Ասիոյ եւ Հարաւային Ռուսիոյ մէջ, յետոյ անցնելով Յունաստան առաջնորդած է Պատրասի քրիստոնեաները ուր աւանդութեան համաձայն կը մարտիրոսանայ գլխիվայր՝ X-ի նմանող խաչի տեսքով որը հետագային կոչուեցաւ Ս. Անդրէասի խաչ անունով:
357-ին անոր աճիւնը կը բերուի Կ.Պոլիս բայց գլուխը կը մնայ Պատրասի մէջ: Սակայն Սոփոնիոս կը գրէ, որ Անդրէասի մասունքները 357թ. Հռոմէացի կայսեր՝ Կոստանդիոս Բ.ի հրամանով Պատրասէն կը տարուի Կ.Պոլիս ուր կը մնայ մինչեւ 1208 երբ Կարդինալ Պետրոս Քափուանոյի ձեռքով կը բերուի Ամալֆի՝ Իտալիա:
Հնարաւոր է որ Մորիկ Տիբերիոս կայսեր սպասաւորապետ ոմն Անդրէասի կողմէ Կ.Պոլսէն Հռոմ բերուած ըլլան քանի մը մասունքներ:
Զ դարուն Գրիգոր Մեծ Պապը, Ս. Անդրէասի մէկ մատը եւ բազուկը կը նուիրէ Վենացիոյին՝ Լունի Եպիսկոպոսին: Այս ընծային առիթով կը թուի կառուցուած ըլլայ Սառցանայի Ս. Անդրէաս Եկեղեցին, որը կը դառնայ մասունքին բնակավայրը:
ԺԵ դարուն, Ս. Անդրէասի գլուխը եւ ուրիշ մասունքներ բերուէր են թուրքերու կողմէ գահընկեց եղած Մորիայի բռնակալի կողմէ, խաչակրութեան մը խոստումի դիմաց, որ պէտք էր վերագրաւել Կ-Պոլիսը: Պապը կ’ընդունի նուէրը խոստանալով վերադարձնել զայն երբ Յունաստանը ազատագրուի եւ մասունքը՝ ծնօտը կը ղրկէ Պիենցա, եւ գլուխը մասնատուփով կը զետեղէ Ս. Պետրոս՝ Մայր Եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մէկուն մէջ:
Պօղոս Զ-ին որոշմամբ 1964թ Հռոմի մէջ պահուած մասունքները՝ մատը եւ գանկէն մաս մը իբրեւ բացուածքի կամ մօտեցման մը նշան, դէպի Յոյն ուղղափառ Եկեղեցին, ղրկուեցան Պատրասսօ՝ հին բիւզանդական մասնատուփի մը մէջ: Մասունքները կը պահուին Պատրասսօ՝ Ս. Անդրէասի Եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալներուն կը ցուցադրուին անոր տօնին օրը՝ նոյեմբեր 30-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.