2014-11-29 09:56:35

Իսթանպուլի Ս. Անդրէասի եւ Հռոմի մէջ Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի տօներու միջեւ եղած կապը:


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսի փոխադարձ այցելութիւնները սկսած են դեռեւս 1964-ի Յունուարի 6-ին՝ Երուսաղէմի մէջ, Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Ա-ի հանդիպումով: Հետագայ տարիներուն փոխադարձ այցելութիւնները բազմապատկուած են:
1969թ. Նոյեմբեր 30-ին, Հռոմի Եկեղեցին՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Գրասենեակի նախագահ Կարդինալ Ճովաննի Վիլլերպրանտի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Իսթանպուլի, ներկայ գտնուելու համար Կ. Պոլսոյ Համամիութենական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ՝ Ս Անդրէասի տօնախմբութեան:
Յաջորդ տարին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը փոխադարձեց այդ այցելութիւնը՝ ներկայ գտնուելով Հռոմի Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբեր՝ սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին:
Այս փոխադարձ այցելութիւնները դարձան ապա շարունակական եւ այս առթիւ է որ Հռոմի Եկեղեցւոյ Քահանայապետը անձամբ ներկայ պիտի գտնուի Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան տօնախմբութիւններուն յոյն-ուղղափառ եղբայրներուն հետ միասին տօնելու իրենց պաշտպան սուրբին տօնը:
Նշենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Իսթանպուլ այցելած է 1979 Նոյեմբերին, իսկ Պենետիկտոս ԺԶ՝ 2006 –ի Նոյեմբեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.