2014-11-28 09:30:11

Աֆրամ. Կոչ կ՛ուղղեմ Պապին պահանջելու Թուրքիայէն ընդունիլ Քրիստոնեաները արմատախիլ ընելու պատասխանատուութիւնը


Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ Ֆրանչիսկոս պապին յղեց նամակ մը, որուն մէջ հետեւեալը խնդրեց պապէն. «Երբ Թուրքիա հասնիք, մի՛ մոռնաք, որ դուք Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքին տէրն ու տիրականն էք` Անտիոքէն մինչեւ Կոստանդնուպոլիս, Բեթղեհէմ, Լեռնալիբանան, Մաալուլա, Սայտնայա եւ այլ շրջաններուն մէջ կերտուած քրիստոնեայ համայնքին պատմութեան»: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:
Աֆրամ Ֆրանչիսկոս պապին յիշեցուց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հարիւր տարի առաջ շրջանէն քրիստոնեայ` հայկական, ասորիական եւ յունական գոյութիւնը արմատախիլ ընելու պատասխանատուութիւնը: «Կոչ կ՛ուղղեմ պապին պահանջելու Թուրքիայէն ընդունիլ եւ յստակ կերպով ու թափանցիկութեամբ ճանչնալ պատահածը` իբրեւ խղճի արդարահատոյց եւ ինքնաքննադատութիւն: Մեր պապերուն աճիւնները մեզի կը կանչեն, որովհետեւ արդարութիւնը եւ իրականութիւնը Թուրքիոյ պատկերը աղաւաղելու կամ անկէ վրէժ լուծելու նպատակով չեն, այլ` փայլուն ապագայ ունեցող Արեւելք մը կերտելու նպատակով: Մենք ենք զոհերն ու նահատակները, իսկ Թուրքիա չի կրնար ուրանալ եւ անմեղ ձեւանալ, որովհետեւ մեր յիշողութիւնը երեւակայութիւն չէ», շեշտեց Աֆրամ:
Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա այսօր եւս կը գտնուի մարտահրաւէրներու դիմաց` ալեւիներուն, քիւրտերուն եւ քրիստոնեաներուն հետ իր վարուելակերպին առումով: «Թուրքիա իր ամբողջ կարողութիւններով ի վիճակի է ազատ արձակելու առեւանգուած առաջնորդներ Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները, որոնք արեւելքցի, քրիստոնեայ եւ երկխօսութեան ջատագով երկու իշխաններ են եւ շուրջ վեց հարիւր օրէ ի վեր անյայտ կորսուած: Արդեօք բոլոր եկեղեցիներուն հայրը կ՛ընդունի՞, որ անոնք գերութեան մէջ մնան», հարց տուաւ Աֆրամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.