2014-11-26 10:33:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի լրագրողներուն հետ հանդիպումը Սդրազպուրկէն վերադարձի ճանապարհին վրայ։


(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) Սդրազպուրկ կատարած միօրեայ այցելութեան աւարտին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երէկ յետմիջօրէին վերադարձաւ Վատիկան։ Ուղեւորութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, հանդիպում ունեցաւ իրեն հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ իր գործածած ոճն ու առաւօտեան արտասանած ճառերուն պարունակութիւնը քաղուած են Աւետարանէն եւ թէ անոնք պարունակուած են Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան մէջ եւ չունին քաղաքական բնոյթ։ Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ մտադիր է հետագային այցելել Ֆրանսան եւ ինչու չէ վայր մը որ տակաւին ոչ մէկ Քահանայապետ այցելած է։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց իսլամականներուն սպառնալիքներուն հաստատելով որ Ինք երկխօսութեան դուռը միշտ բաց կը պահէ հակառակ ահաբեկչութեան սպառնալիքներուն։
Յայտնենք թէ Սդրազպուրկ կատարած այցելութեան առթիւ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Տիկ Հելմա Շմիտին հետ` գերմանացի ծերունի Տիկին մը որ 1986 –ին, երկու ամսուայ տեւողութեամբ իր տան մէջ հիւրընկալած էր Ֆրանչիսկոս Պապը երբ ան ուսմունքը կը կատարեր Գերմանիոյ մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.