2014-11-26 08:42:05

Վերոնա քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ընկերային վարդապետութեան չորրորդ տօնախմբութիւնը:


''Կիրարկել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընկերային վարդապետութեան ցուցմունքները''։
(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ վերջ գտաւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մասին չորրորդ տօնախմբութիւնը, որուն աշխատանքներուն մասնակցեցան եպիսկոպոսներ, նախարարներ, ուսանողներ եւ գործարարներ։
Տօնախմբութեան նիւթը եղաւ ''հրապարակային վայրերէն անդին, տաճարին մէջ''։ Հանդիսութեան աւարտին գերապայծառ Ատրիանօ Վինչենցի` նախագահը տօնախմբութեան, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով իր գոհունակութիւնը յայտնեց բազմաթիւ անհատներու մասնակցութեան ու անոնց բերած սատարին համար, ''ասիկա կը նշանակէ բազմաթիւ են այն անհատները որոնք կը հաւատան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ու բանաձեւած առաջարկներուն, հետեւաբար անձնաւորութիւնը չէ որ կը հրապուրէ անհատները այլ համոզումները։ Ասիկա մեծ յաջողութիւն մըն է'' հաստատեց գերապայծառ Վինչենցի։
Նշենք որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան չորրորդ տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամով, ուր Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ''դրամը չէ որ յառաջ կը տանի բարգաւաճումը այլ անձերը, հետեւաբար անձերուն կ’իյնայ հարցերը բարեփոխել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.