(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) ''Կը մաղթեմ որ Եւրոպայի խորհրդարանը հանդիսանայ
միշտ նստավայրը ուր անոր ամէն մէկ անդամ ձգտի իրականացնելու Եւրոպա մը որ` իրազեկ իր
անցեալին, վստահութեամբ նայի ապագային, յոյսով ապրելու համար ներկան''։ Այս է Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետի ստորագրութիւնը կրող Եւրոխորհրդարանի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրուած նախադասութիւնը։