2014-11-25 08:42:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնեցաւ Սդարզպուրկ։


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 25 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնեցաւ Սդրազպուրկ ուր նախատեսուած են Քահանայապետի ''քաղաքական'' երկու հանդիպումներ մէկը Եւրոխորհրդարանի անդամներուն հետ եւ միւսը Եւրոպայի խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ճամբորդութեան ընթացքին չէ նախատեսուած որեւէ ծիսական արարողութիւն։
Ճամբորդութեան նախօրեակին, իր սովորութեան համաձայն, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճճորէ Աստուածամօր նուիրուած Պազիլիքան ու ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ կէս ժամ ամփոփուեցաւ Անորմէ հայցելով բարեխօսութիւնն ու հովանին, ճամբորդութեան յաջող ընթացքին համար։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Տիրամօր Սրբապատկերին ոտքին` զետեղեց ծաղկեփունջ մը, Եւրոպայի դեղին ու կապոյտ գոյներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.