Նախագահ Սարգսեան այցելեց Յորդանան գետի Ս. Կարապետ Եկեղեցի
Պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Հոկտեմբերին
այցելած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուսի մկրտութեան վայրը: Նախագահը շրջագայած
է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, այնուհետեւ հետեւեալ գրառումը կատարած է պատուաւոր
հիւրերու գիրքին մէջ. «Մաղտասում՝ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրում, հոգեւորը գերակայում
է, մարդն այստեղ դառնում է համամարդկայինի մի մասնիկը՝ գիտակցելով յաւերժութեան անխուսափելիութիւնը։
Մկրտութեան խորհուրդն իր մէջ կրում է նորը, հանդուրժողը եւ վերածնուող բարին։ Կարծում
եմ՝ սա այն վայրն է, որը կարող է փոխել մարդու աշխարհընկալումը։ Երախտապարտ եմ, որ Յորդանանը
հոգատարութեամբ է վերաբերւում նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրին՝ դրանով հաստատելով
քաղաքակրթութիւնների երկխօսութեան իր պատրաստակամութիւնը։ Շնորհակալութիւն Յորդանանի
իշխանութիւններին եւ ժողովրդին այս սրբավայր այցելելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար»,
գրած է նախագահ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին, Յորդանանի
հոգեւոր առաջնորդին եւ Յորդանանի հոգեւոր առաջնորդութեան ու ազգային տեղական խորհուրդի
գլխաւոր քարտուղարին, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ իր գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան
անդամներուն հետ այցելած է նաեւ հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցի: Աւարտելով պաշտօնական
այցելութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Երեւան։