2014-10-27 09:20:39

Էլիզէ Պալատը հրապարակած է Փարիզի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումի ժամանակացոյցը


Ֆրանսայի նախագահական պալատը հրապարակած է Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն այսօր Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ժամանակացոյցը:
Այսօր Ֆրանսայի ժամանակացոյցով ժամը 11:00-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի վարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ ժամը 12:15-ին` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Ժամը 18:00-ին Հոլլանտ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ, իսկ ժամը 20:00-ին տեղի պիտի ունենայ երեք երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ ընթրիք մը








All the contents on this site are copyrighted ©.