2014-10-22 10:34:31

Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿ-ի մօտ պաշտպանը կը հանդիսանայ մանուկի իրաւունքին։


Գերապայծառ Աուզա` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ, խօսք առնելով ՄԱԿԻ 69-րդ երրորդ նիստի առջեւ, ներկայացուց այսօրուայ մանուկի ողբերգական պատկերը ըսելով. ''այս վերջին տարիներուն աւելի քան 3 միլիոն մանուկներ սպաննուած են զինեալ ընդհարումներուն պատճառաւ։
Այս պատերազմներուն հետեւանքով շուրջ 6 միլիոն մանուկներ հաշմանդամ եղած են։ Ուրիշ մանուկներ իրենց սեռին հետեւանքով կեանքէն զրկուեցան, այլ մանուկներ մահացան սնունդի ու դեղորայքի պակասէն առանց նկատի առնելու այն մանուկները, որոնք զոհ են սեռային վաճառքի, կամ պարտադրուած են զինակոչի եւ աշխատանքի։
''Մանուկներու դէմ գործադրուած բռնութիւններու ջնջումին համար հարկաւոր է որ պետութիւնները, կառավարութիւնները, քաղաքացիական ընկերութիւնը ու կրօնական համայնքները նեցուկ կանգնին ընտանիքին'', հաստատած է Վատիկանի դիւանագէտը, կոչ ընելով նախաձեռնութիւններ առնել եւ գործունէութիւններ կազմակերպել ի նպաստ մանուկներու իրաւունքի պաշտպանութեան։
Իր միջամտութեան ընթացքին Ան նաեւ խօսեցաւ համաշխարհային համագործակցութեան մասին մատնանշելով որ Ս. Աթոռը կ'աշխատի արմատախիլ ընել աղքատութիւնը ու գործել մնայուն բարգաւաճումի ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.