2014-10-20 12:59:18

''Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն'' բարեսիրական հաստատութիւնը չորս միլիոն Եւրօ կը տրամադրէ Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն։


(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014) ''Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն'' բարեսիրական հաստատութիւնը չորս միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրած է Իրաքի Քրիստոնեայ հազարաւոր գաղթականներուն, անոնց ապահովցնելու սննդեղէն, բնակարան, ինչպէս նաեւ դպրոցական կառոյցներ։
Յառաջիկայ օրերուն՝ եղանակային պայմաններու փոփոխութեան ի տես, հազարաւոր ընտանիքներ՝ որոնք առ այժմ վրաններու տակ կը բնակին, պիտի ստիպուին նոր բնկարաններ փնտռել պատսպարուելու ցուրտէն եւ ձմեռնային պաղ եղանակէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.