1 – 3 հոկտեմբեր 2014, Հռոմի ''Villa Aurelia'' անուան կեդրոնի մէջ, տեղի կ՛ունենայ`
Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի 28-րդ լիանիստ հաւաքը որուն գլխաւոր
նիւթը պիտի հանդիսանան Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ժողովածոյին 10-րդ տարեդարձը
եւ ''Caritas in veritate'', շրջաբերական թուղթի 5-րդ տարեդարձը։ Հաւաքը սկիզբ առաւ
Չորեքշաբթի 1 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, աղօթքով եւ Խաղաղութիւն ու արդարութիւն
քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Փիթէր Թուրքսոնի զեկոյցով։ Երեկոյեան նախատեսուած
է Երուսաղէմի Լատիններու Ֆուատ Թուալ Պատրիարքի գլխաւորած սուրբ պատարագը, մինչ Հինգշաբթի,
2 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն կը շնորհէ բոլոր ժողովականներուն։
Ուրբաթ` 3 հոկտեմբերի նիստը յատկացուած է Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական
խորհուրդի ապագային հեռանկարներուն եւ ծրագիրներուն։ Հաւաքը կ՛եզրափակուի Կարդինալ Լէոփոլտօ
Պրենէն Սոլորցանոյի մատուցած Սուրբ Պատարագով։