2014-09-30 12:42:44

Միջին Արեւելքի Առաքելական նուիրակներու ժողովը Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան անդամներուն հետ։


2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու ժողովը Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն հետ միասին։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Երուսաղէմ/Պաղեստինի, Յորդանան/Իրաքի, Լիբանանի, Սուրիայի եւ Թուրքիոյ առաքելական նուիրակները ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտերը, մինչ Հռոմի Քուրիայէն կը մասնակցին Վատիկանի Պետքարտուղարի գլխաւորութեամբ, անոր փոխանորդը, ենթաքարտուղարը, եւ Վատիկանի արտգործ նախարարը, ապա Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, որ վերջերս Իրաք մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, միջ կրօնական երկխօսութեան, քրիստոնեաներու միութեան, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդներու պատասխանատուները եւ Քոր Ունում - մէկ սիրտ - քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները։ Նորին Սրբութիւնը ժողովականներուն կը հանդիպի Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերի առաւօտեան։ Հաւաքը վերջ պիտի գտնէ շաբաթ` 4 հոկտեմբերին.







All the contents on this site are copyrighted ©.