2014-09-23 08:54:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդիպումը աշխարհի մեծ պապիկ ու մեծ մամիկներուն հետ.


Նախաձեռնութեամբ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին, կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ աշխարհի մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու ու տարեց մարդոց հետ, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։
Հանդիպումին որուն բնաբանն է ''Երկարակեցութեան օրհնութիւնը'', իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` 20 երկիրներէ ժամանած 40 հազար տարեցներ։
Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 8.30-ին, Սուրբ Գրային ընթերցումներով որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ տարեցներու զրոյցը ու ապա Նորին Սրբութեան նախագահած հրապարակային պատարագը որուն կը համապատարագեն աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 100 տարեց քահանաներ։
Ժամը 12-ին, Նորին Սրբութիւնը կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ու ապա տարեցներուն կը յանձնէ Սուրբ Մարկոսի մեծ գիրերով հրատարակուած աւետարանի նմանօրինակը։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Իրաքէն ժամանած գաղթական տարեցներու զոյգ մը` լսելի դարձնելու համար պայաքրի դաշտերու եւ շրջաններու մէջ ապրող տարեցներու ձայնը։
Հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ աշխարահռչակ իտալացի երգիչ Անտրէա Պոչչելլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.