2014-09-19 12:18:55

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանը։


Ուրբաթ, 19 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեանը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Նորին Սրբութիւնը ապա յաջորդաբար ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրէրը եւ Փերույի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ժէյմս Փաթրիք Կրիինը։

Ժամը 12-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սանթէճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Փրոֆ. Անտրէա Ռիքքարտին ու ապա Հռոմի քաղաքապետ` Փրոֆ. Ինիացիօ Մարինոն ու անոր ընկերացող 5 վիրաբոյժեր։

Ուրաբթ 19 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Աւետարանացումի քահանայապետական խորհուրդին, Վատիկանի մէջ կազմակերպուած ''Աւետարանի ուրախութեան հովուական ծրագիրը'' նիւթով միջազգային կլոր սեղանի 2 հազար մասնակիցները։

Յայտնենք թէ վսեմաշուք նախագահ Սարգսեան, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինին եւ Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին։
Հանդիպումներու ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկու Պետութիւններու միջեւ փոխյարաբերութիւններու աճին ու անոնց ամրապնդումին համար, յատկապէս անդրադարձ կատարելով Հայ ժողովուրդի պատմութեան, կեանքի եւ ընկերութեան մէջ, քրիստոնէական հաւատքի կարեւոր դերին։
Ինչ կը հայի տարածաշրջանի քաղաքական կացութեան` մաղթանք յայտնուեցաւ անել հարցերուն գտնել պատշաճ լուծումներ դիմելով երկխօսութեան ճանապարին։ Ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արելքի մէջ տիրող ցաւալի կացութեան, մաղթանք յայտնելով որ միջազգային հասարակութեան եւ կրօնական հասարակութիւններու ջանքերը իրականացնեն շրջանի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան իղձը։ Հանդիպումներու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ նաեւ տարածաշրջանի քրիստոնէական համայնքերու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ փախստականներու ճգնաժամային հարցը։







All the contents on this site are copyrighted ©.