Սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը
Սեպտեմբեր 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ
Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ
եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի
շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան
տեղեկատուականը: Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային
Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հոգեւոր առաջնորդներ: Համաժողովին
պիտի քննարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ համազգային
առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն
առնչուող հարցեր: Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն
100: Ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու եօթերորդ համահայկական
համաժողովը... որուն նաեւ հրաւիրուած է մասնակցելու Հռոմահայ գաղութէն մեր գործակիցը՝
տիկ. Սօնա Նիւրփէթլեան։