Վատիկանի դրոշմաթուղթի գրասենեակը` Օգոստոս ամսուայ ընթացքին, հրապարակեց շարք մը դրոշմաթուղթեր.
Առաջինը` ոգեկոչում Ս. Քամիլլօ Տէ Լիլլիսի մահուան 4-րդ դարադարձին։ Երկրորդը յատկացուած`
Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացման, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին։ Եւ
երրորդը նուիրուած` Ս. Պիոս Ժ Քահանայապետի մահուան առաջին դարադարձին։ Նշենք որ
Պիոս Ժ-րդ Հռոմի Պապը եղաւ` կաթողիկէ եկեղեցւոյ 257-րդ Քահանայապետը (1903-1914)։ Պարզ,
համեստ եւ զուարճախօս անձնաւորութիւն որ մեծ ժողովրդականութիւն վայլած է։ Պիոս Ժ`
շուտով մեծարուեցաւ հաւատացեալներէն, երանելի հռչակուեցաւ` Յունիս 1951-ին եւ սրբադասուեցաւ
29 Մայիս 1954, Պիոս ԺԲ Քահանայապետի կողմէ։ Իտալական Պետութիւնը եւս կը մեծարէ այս
բարենորոգիչ ու սուրբ Քահանայապետը հրապարակելով շարք մը դրոշմաթուղթեր։ Անոր մահուան
հարիւրամեակի առթիւ` (19 օգոստոս 2014) Վատիկանի Պետքարտուաղար Կարտինալ Փարոլին, յառաջիկայ
23 օգոստոսին, Իտալիոյ Թրէվիզօ նահանգին Ռիէզէ քաղաքին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի
արարողութիւնը։ Արարողութենէն առաջ նախատեսուած է թափօր մը ինչպէս նաեւ աղօթք խաղաղութեան
համար ու յատկապէս Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։