2014-08-01 09:30:38

2014-ի Օգոստոս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2014-ի Օգոստոս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի ապստանեալները, որոնք բռնութիւններու պատճառաւ ստիպուած են լքել իրենց օճախները, գտնեն սրտափուխ ընդունելութիւն եւ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութիւն''։

Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` '' Որպէսզի Ովկեանեայի մէջ ապրող քրիստոնեաները` ուրախութեամբ հռչակեն հաւատքը, բոլոր ցամաքամասի ժողովուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.