2014-07-30 11:27:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 30 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Կարտինալ Ֆրանչէսքօ Մարքիզանոյի յուղարկաւորութեան արարողութեան որուն սուրբ պատարագի զոհը մատոյց Կարտինալական դասի աւագերէց Կարտինալ Անճելօ Սոտանոն մինչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց գերեզմանատան կարգը։
85 ամեայ Իտալացի կարտինալ` Ֆրանչէսքօ Մարքիզանոն իր մահկանացուն կնքած էր Կիրակի, 27 յուլիս 2014-ին, Հռոմի մէջ։ Երջանկայիշատակ Կարտինալը երկար տարիներու ընթացքին ծառայած էր Հռոմի Քուրիային մէջ։ Ան Կարտինալական աստիճանը ստացած էր 2003 թուականին եւ 2005-էն մինչեւ 2009 եղած է Սուրբ Աթոռի աշխատանքի գրասենեակի նախագահ։
Անոր մահով կարտինալական դասի անդամներու թիւը կ՛ իջնէ 212-ի որոնցմէ 118 –ը քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարտինալներ։
Կարտինալ Ֆրանչէսքօ Մարքիզանոյի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած էր ննջեցեալի ծննդավայր` Թորինօ քաղաքի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Չէզարէ Նոզիլիային, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնած էր կղերին, հաւատացեալներուն եւ կարտինալի ազգականներունշ ընդգծելով ննջեցեալ ծիրանաւորին նուիրական ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.