2014-07-30 10:51:25

Հայաստան կը ծրագրէ խաղաղապահները Լիբանան ուղարկել հոկտեմբերին


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Որպէս խաղաղապահ գործողութիւններում ներգրաւուած երկիր՝ Հայաստանը կուտակել է զգալի փորձ՝ մասնակցելով Կոսովոյում եւ Աֆղանստանում ՆԱՏՕի խաղաղապահ գործողութիւններին», յայտնած է ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեանը՝ 28 Յուլիսին մասնակցելով Ապահովութեան խորհուրդի «Խաղաղապահ գործողութիւններ. ՄԱԿի եւ տարածաշրջանային գործընկերութեան գնահատում» խորագիրով բաց քննարկումներուն ընթացքին:
Խօսելով խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի փորձառութեան մասին՝ դեսպանը ընդգծած է այն մեծ ներուժը, զոր Հայաստան ունեցած է վերջին երկու տասնամեակին ընթացքին, մասնաւորապէս յիշատակելով Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ խաղաղապահ ստորաբաժանման առկայութեան հանգամանքը:
«Գալիք Հոկտեմբերին Հայաստանը ծրագրում է ներգրաւուել Լիբանանում ՄԱԿի խաղաղապահ գործունէութեանը, ինչը ՄԱԿի շրջանակներում մեր մասնակցութեան ընդլայնման վառ ապացոյցն է», յայտարարած է Մնացականեան:
«Որպէս ԵԱՀԿի անդամ պետութիւն՝ Հայաստանը դիտարկում է կազմակերպութեան հնարաւոր դերակատարութիւնը խաղաղապահ գործողութիւններում՝ ըստ իւրաքանչիւր իրավիճակի, իսկ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւնների հետ համագործակցում խաղաղապահութեան նախապատրաստման գործում», աւելցուցած է ան:
Ան կարեւորութեամբ յիշած է ՄԱԿի առանցքային դերը խաղաղապահ գործողութիւններու ծրագրաւորման, համակարգման եւ իրագործման ոլորտներուն մէջ՝ առանձնայատուկ կերպով ընդգծելով գործունէութեան հիմնական դերակատարները, որոնց կարգին Ապահովութեան խորհուրդի, Գլխաւոր քարտուղարի եւ խաղաղապահ ուժեր տրամադրող պետութիւններու ու տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Մնացականեան նաեւ անդրադարձած է ՄԱԿի բացառիկ կարելիութիւններուն՝ խաղաղապահ գործունէութեան միջտարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման եւ խթանման իմաստով:








All the contents on this site are copyrighted ©.