Ալճերիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ալճերիական օդանաւ մը ջախջախուած է, եւ
անոր մէջ գտնուող բոլոր ճամբորդները մահացած են: Նախապէս հաղորդուած էր, որ 110 ճամբորդներ
Պուրքինա Ֆասոյի մայրաքաղաք Ուակատուկուէն Ալճերիա փոխադրող օդանաւին հետ կապը անոր թռիչք
առնելէն 50 վայրկեան ետք կորսուած է: Ըստ տեղեկութեանց, ճամբորդներուն շարքին էին
20 լիբանանցիներ: