Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավարը ՀԿ Պատրիարքարանի մէջ
Երեւանի «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավար՝ Արթիւր Դումայեան
եւ Մուշեղ Լալայեան, որոնք Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով կը գտնուին Լիբանան, 23 յուլիս
2014-ին այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան «Սուրբ Գրիգոր
Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ: Հանդիպումի հիմնական
նիւթն էր կրթական ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները գալիք օրերուն: Իր
կարգին Արթիւր Դումայեան նշեց, որ հիմնադրամը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յատկապէս ազգային
ներուժի բացայայտման, սփիւռքի մտաւոր կարողութիւններու ներգրաւման գործընթացներուն: Հանդիպումին
ներկայ էին նաեւ Սարգիս Նաճարեանը եւ Վարդան Թաշճեան: